
«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Եւրասիական տնտեսական յանձնախումբի խորհուրդի անդամ Սերկէյ Ռումաս հինգշաբթի օր լրագրողներուն յայտնած է, որ Հայաստանի` Մաքսային միութեան անդամակցութեան մասին համաձայնագիրը կրնայ յառաջիկայ շաբաթ ստորագրուիլ Մինսքի մէջ:
«Մինսքի վեհաժողովին պիտի հանուին պիելոռուսական կողմին վերաբերող բոլոր հարցերը: Պիելոռուսիան պատրաստ պիտի ըլլայ համաձայնագիրը ստորագրելու… Համաձայնագիրը պիտի ստորագրուի», ըսած է ան:
ԱՊՀ-ի եւ Եւրասիական տնտեսական միութեան վեհաժողովը տեղի պիտի ունենայ ուրբաթ, 10 հոկտեմբերին` Մինսքի մէջ:
Հայաստան Մաքսային միութեան անդամակցելու եւ Եւրասիական տնտեսական միութեան կազմին միանալու մտադրութեան մասին յայտարարած է սեպտեմբեր 2013-ին: Ռուսիան, Պիելոռուսիան եւ Ղազախստանը այս տարուան 29 մայիսին Ասթանայի մէջ ստորագրած են Եւրասիական տնտեսական միութեան մասին համաձայնագիրը, որ ուժի մէջ կը մտնէ 1 յունուար 2015-էն: Ռուսիոյ Տուման նախաստորագրած է փաստաթուղթը 26 սեպտեմբերին:
Նախապէս Ռուսիոյ տնտեսական զարգացման նախարարութեան ԱՊՀ-ի երկիրներուն հետ տնտեսական համագործակցութեան եւ Մաքսային միութեան մարմիններուն հետ փոխադարձ համագործակցութեան վարչութեան փոխտնօրէն Աննա Սիսոյեվա յայտնած էր, որ Հայաստան Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամ կրնայ դառնալ արդէն 2 յունուար 2015-ին:


