
News.am կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքաշինութեան նախարարութեան տուեալներով` հանրապետութեան մէջ թրքական շինարարական ընկերութիւններ չեն գործեր: Այս մասին կառավարութեան նախանցեալ օրուան նիստին ընթացքին յայտարարած է քաղաքաշինութեան նախարար Նարեկ Սարգսեան, որ ըսաւ, թէ ինք այդ մասին տեղեկացած է մամուլէն եւ յանձնարարած է ստուգել տեղեկութիւնը: Նախարարութիւնը դիմած է Երեւանի քաղաքապետարան` իբրեւ մայրաքաղաքի տարածքին մէջ շինարարական արտօնութիւններ տրամադրող մարմին: Թուրքիայէն ոչ մէկ ընկերութեան արտօնութիւն տրամադրուած է: «Նոյն պատասխանը ստացանք մարզպետարաններէն: Ուրեմն, մեր տուեալներով, Հայաստանի մէջ Թուրքիայէն կառուցապատողներ այս պահուն չկան: Եթէ այդպիսիք ըլլային, ես ատոր մէջ վատ բան չեմ տեսներ: Ուղղակի փաստը կ՛արձանագրեմ», նշած է Սարգսեան: Յիշեցնենք, որ թրքական «Սապահ» թերթի կայքը յայտնած էր, թէ թրքական «Էօզթիւրքլեր հոլտինկ» ընկերութեան նախագահ Եուսուֆ Էօզթիւրք յայտարարած էր Երեւանի մէջ շէնք կառուցելու մասին:


