
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ սուրիական իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Ալի շեշտեց, որ լիբանանեան պետութիւնը պէտք է գործակցի սուրիական իշխանութիւններուն հետ` լուծելու համար սուրիացի գաղթականներուն թղթածրարը:
Անդրադառնալով ահաբեկչութեան դէմ պատերազմին` Ալի կոչ ուղղեց ահաբեկիչներուն ֆինանսաւորումն ու օժանդակութիւնները կասեցնելու, ընդգծելով, որ անիկա շատ աւելի անհրաժեշտ է, քան գաղթականներուն հարցով Լիբանանի յատկացուած օժանդակութիւնները:
Նշենք, որ Ատհայի տօնին առիթով Պըրրի շնորհաւորական հեռագիր մը ստացաւ Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիէն եւ իր կարգին շնորհաւորեց լիբանանցիները` հաստատելով, որ այս տօնին առիթով ինք շնորհաւորութիւններ պիտի չընդունի:


