Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա ամերիկեան բանակին հրամանատարութենէն պահանջած է զգուշանալ Լիբանանի մէջ կացութիւնը բռնկեցնելէ:
Այս զգուշացումը անշուշտ իր կշիռը եւ նշանակութիւնը ունի Լիբանանի համար:
Միւս կողմէ, «Ժումհուրիա» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով դիւանագիտական աղբիւրներէ, գրած է, որ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ մղուող պատերազմը դէպի յառաջ որոշ քայլեր արձանագրած է` նշելով, որ լիբանանեան բանակին նկատմամբ Իրանի Ազգային անվտանգութեան գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Ալի Շամխանիի նախաձեռնութիւնը այդ պատերազմի շրջագիծին մաս կը կազմէ:


