Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան չորեքշաբթի օր խորհրդարանին առջեւ իր արտասանած խօսքին մէջ այլ հարցերու կողքին նաեւ անդրադարձած է ղարաբաղեան հիմնախնդիրին, Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններուն եւ Հայոց ցեղասպանութեան հարցերուն:
«Թըրքիշ Տէյլի Նիուզ» կը հաղորդէ, որ Էրտողան ըսած է. «Թուրքիա չի կրնար անտարբեր մնալ զարգացումներուն նկատմամբ, մինչ շրջանը, ուր ան կը գտնուի, 100 տարի ետք վերաձեւաւորման եւ կերպարանափոխման կ՛ենթարկուի… մենք դէմ կը կանգնինք ամէն ձեւի խտրականութեան, ոչ միայն երկրին մէջ, այլ նաեւ աշխարհին մէջ: Մենք ամբողջովին մարդկայնական, հաստատ վերաբերմունք ունինք Եգիպտոսի նման երկիրներու նկատմամբ, ուր քաղաքացիներու ժողովրդավարական պահանջները զինուորական յեղաշրջումի մը ճամբով ճնշուած են: Մենք կը պայքարինք ամէն տեսակի բռնարարքներու դէմ, անկախ անկէ, թէ ո՛վ անոնց ենթակայ է կամ ո՛վ զանոնք կը գործէ: Մենք ամբողջովին առարկայական, շինիչ եւ հաստատ վերաբերմունք կ՛որդեգրենք ի նպաստ խաղաղութեան Կիպրոսի հարցին, ազրպէյճանական հողամասերու բռնագրաւման վերջ տալուն, Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութեանց եւ 1915-ի դէպքերուն նկատմամբ»:


