Թուրքիոյ խորհրդարանը երէկ 298 թեր եւ 98 դէմ քուէներով թրքական բանակը լիազօրեց անհրաժեշտութեան պարագային Սուրիոյ եւ հիւսիսային Իրաքի մէջ միջամտելու, ինչպէս նաեւ օտար ուժերուն արտօնեց անդրսահմանեան գործողութիւններուն համար Թուրքիոյ մէջ գտնուող ռազմակայաններ օգտագործելու:
Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան եւ Ազգայնական շարժում կուսակցութեան երեսփոխանները թեր քուէարկեցին, իսկ Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութիւնն ու Ժողովուրդի ժողովրդավարական կուսակցութիւնը` դէմ:
Մինչ Թուրքիոյ խորհրդարանը կը քննարկէր ՏԱՀԵՇ-ի դէմ դաշինքին մաս կազմելու եւ թրքական բանակին Սուրիոյ եւ հիւսիսային Իրաքի մէջ ուժ կիրարկելու կանաչ լոյս տալու բանաձեւը, ՔԱԿ-ի բանտարկուած ղեկավար Ապտուլլա Օճալան զգուշացուց, որ իր ղեկավարած կուսակցութեան եւ թրքական պետութեան միջեւ խաղաղութեան հոլովոյթը վերջ պիտի գտնէ, եթէ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներուն արտօնուի Այն Արապի (Քոպանի) մէջ ջարդ գործել:
Քրտական ժողովուրդի պաշտպանութեան ուժերը երէկ շարունակեցին բուռն դիմադրութիւն ցուցաբերել ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներու, մինչ Մարդկային իրաւանց սուրիական դիտարանը յայտնեց, որ գոյութիւն ունի այն վախը, որ հաւատադրժող զինեալները մուտք գործեն քաղաք: Վերջիններս յայտարարեցին, որ պատրաստ են քաղաք մուտք գործելու: Անոնք գրաւած են բլուր մը, որ կը վերահսկէ մէկ կողմէ քաղաքին, իսկ միւս կողմէ` Սուրիա-Թուրքիա սահմանային անցքին, ինչպէս նաեւ սեղմած են պաշարման օղակը քաղաքին շուրջ, ուր տակաւին կը գտնուին 200 հազար քիւրտ քաղաքայիններ եւ զինեալներ:
«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը երէկ գիշեր հաղորդեց, որ ՏԱՀԵՇ¬էն ուժեր յաջողած են քաղաքի արեւելեան կողմէն մուտք գործել Այն Արապ քաղաքը:
«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Թուրքիա եւ Միացեալ Նահանգներ պիտի քննարկեն ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարին վերաբերող հարցեր, եւ այդ կապակցութեամբ Թուրքիա պիտի այցելէ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան ազգային անվտանգութեան հարցերով օգնականի տեղակալ Պրեթ ՄքՔըրկ: Այցելութեան թուականին մասին ոչինչ կը նշուի:
Միւս կողմէ, «Վրեմիա» հաղորդեց, որ Սուրիոյ ազգային հաշտեցման հարցերով պետական նախարար Ալի Հայտար յայտարարած է, որ Դամասկոս միջնորդներու միջոցով Միացեալ Նահանգներէն կը ստանայ Սուրիոյ տարածքին ՏԱՀԵՇ-ի դէմ ամերիկեան օդային հարուածներուն մասին տեղեկութիւն: Ան ճափոնական «Թոքիօ սիմպուն» օրաթերթին յայտնած է. «Միջնորդ երկիրներու միջոցով մենք կը ստանանք նման տեղեկութիւն: Այդ ձեւով մենք անուղղակի կերպով կը համագործակցինք Միացեալ Նահանգներու հետ: Կը կարծեմ, որ մեզի անհրաժեշտ է աւելի շատ համագործակցութիւն ՏԱՀԵՇ-ին հակազդելու համար»:
Ան նաեւ քննադատած է Ուաշինկթընի քաղաքականութիւնը, որ մէկ կողմէ կը հարուածէ ՏԱՀԵՇ-ի դիրքերը, սակայն միւս կողմէ կը գործակցի Սուրիական ազատ բանակին հետ: «Ահաբեկչական կազմակերպութեան մը միւսով փոխարինումը ահաբեկչութեան դէմ պայքար չէ», յայտարարած է ան:
Ուաշինկթըն կը հերքէ Դամասկոսի հետ որեւէ կապ պահպանելու մասին տեղեկութիւնները: Սակայն ճափոնական օրաթերթը կը նշէ, որ տարածուած է այն կարծիքը, թէ Միացեալ Նահանգներ Սուրիոյ կը փոխանցէ որոշ տեղեկութիւններ իրենց գործողութիւններուն մասին` Իրաքի կառավարութեան միջոցով:


