Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խորհրդարանը Չվաւերացուց Աշխատավարձի Յաւելումներուն Օրինագիծը

October 2, 2014
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

15222715277_3547d79b3a_oԽորհրդարանին գումարած օրէնսդրական նիստը սկսելէն քանի մը վայրկեան ետք եւ հակառակ տարբեր երեսփոխանական պլոքներուն կողմէ տրուած խոստումներուն եւ աշխատավարձի յաւելումները վաւերացնելու երաշխիքներուն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի այդ օրինագիծը վերադարձուց խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերուն` նկատի ունենալով անոր դէմ անձնական դպրոցներու ուսուցիչներուն բողոքը եւ բանակայիններուն գծով անոր անարդարութիւնը:

Պըրրի շնորհակալութիւն յայտնեց խորհրդարանի ելեւմտական հարցերու յանձնախումբին, միացեալ յանձնախումբերուն եւ երեսփոխան Ժորժ Ատուանին` անոնց ի գործ դրած ջանքերուն համար, սակայն ցաւ յայտնեց, որ կարելի չէ եղած այդ նուէրը ընծայել պետական մարզին:

Պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել յայտնեց, որ պէտք է բանակայիններուն իրաւունքները առանձին թղթածրար նկատել եւ զինուորական անձնակազմին վերաբերող օրինագիծերը տարբերել այլոց օրինագիծերէն:

1001_parl2Ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ հաստատեց, որ ելեւմուտքի նախարարութիւնը պատրաստ է վաւերացնելու աշխատավարձի յաւելումներուն թղթածրարը` աւելցնելով, որ թէ՛ նիւթական եւ թէ՛ թեքնիք առումով նախարարութիւնը պատրաստ է վաւերացնելու այդ օրինագիծը:

Հասան Խալիլ ընդգծեց, որ նոյնիսկ եթէ այդ օրինագիծը միացեալ յանձնախումբերուն վերադարձուած է, պէտք չէ կամքով տկարանալ, այլ` աշխատիլ, որպէսզի կարելի ըլլայ յաջողցնել այդ պահանջը:

Ելեւմուտքի եւ պետական պիւտճէի խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան առանց անուններ տալու ակնարկեց նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի եւ երեսփոխան Ժորժ Ատուանի` նշելով, որ ինք կը մաղթէր, որ բանակին նկատմամբ անոնց յանձնառութիւնը արդիւնաւորուէր աւելի արդար օրինագիծով:

«Բանակը եւ զինուորները իրաւունքներ ունին եւ կարելի էր զանոնք վաւերացնել կարգ մը բարեփոխումներով, որոնց իբրեւ արդիւնք կրնար վաւերացուիլ նաեւ աշխատավարձի յաւելումները, որոնց մարդիկ երկուքուկէս տարիէ ի վեր կը սպասեն», ըսաւ Քանաան:

Իր կարգին, երեսփոխան Ժորժ Ատուան յայտնեց, որ պաշտպանութեան նախարարը կառավարութեան պիտի ներկայացնէ բանակայիններու աշխատավարձերու յաւելումներուն վերաբերող օրինագիծ մը, որ կառավարութեան վաւերացումէն ետք պիտի հասնի խորհրդարան եւ ըստ այնմ պիտի վաւերացուի:

Վարչապետ Թամմամ Սալամ նշեց, որ յետաձգելու առումով հարց չկայ, եթէ անիկա պիտի ծառայէ իրաւունքները յարգելու եւ արդար ըլլալու:

Ան ակնարկեց առեւանգուած բանակայիններու թղթածրարին` հաստատելով, որ կարելի չէ այդ հարցին անդրադառնալ իբրեւ քաղաքական քննարկումի նիւթ եւ մնայուն յայտարարութիւններ կատարել այդ մասին:

Վարչապետ Սալամ նշեց, որ այս իմաստով Թուրքիա եւ Քաթար կ՛օժանդակեն Լիբանանին:

Ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք իր կարգին շեշտեց, որ առեւանգուած բանակայիններուն թղթածրարին լուծման առումով դրական նշոյլներ կան:

Բողոքի Ցոյց

1001_Sit-In-ProfՄինչ խորհրդարանը կը գումարէր օրէնսդրական իր նիստը, անձնական դպրոցներու ուսուցիչները բողոքի ցոյց մը կը կատարէին Ռիատ Սոլհի հրապարակին վրայ` ընդգծելով, որ պետական մարզի ուսուցիչներու աշխատավարձի յաւելումներուն վաւերացումը արդար չէ, որովհետեւ անիկա պէտք է ներառէ նաեւ պետական մարզի ուսուցիչներուն իրաւունքները:

Կրթութեան նախարար Էլիաս Ապու Սաապ ուղղուեցաւ դէպի Ռիատ Սոլհ հրապարակ, ուր շեշտեց, որ կարելի չէ այս կամ այն ուսուցիչին յաւելում շնորհել եւ ուրիշը նկատի չունենալ, ուսուցիչները հաւասար են. անոնք բոլորը կրթական մշակներ են եւ անոնք պէտք է հաւասարապէս ստանան իրենց իրաւունքները:

Հաշուետուութեան Քաղաքացիական
Արշաւը

Հաշուետուութեան քաղաքացիական արշաւը երէկ կազմակերպեց խորհրդանշական ցոյց մը, որուն ընթացքին ծպտեալ գործիչներ կարգախօսներ բարձրացուցած դէմ արտայայտուեցան խորհրդարանի պաշտօնավարութեան հաւանական երկարաձգումին: Անոնք ըսին, որ ալ զզուած են իշխող վերնախաւի մեքենականութիւններէն եւ կոչ ուղղեցին ժողովրդավարական գործընթացները յարգելու:

 

 

Նախորդը

Ժոմպլաթ Ընդունեց Հըզպալլայի Մէկ Պատուիրակութիւնը

Յաջորդը

Վարչապետ Աբրահամեան Այցելեց Սփիւռքի Նախարարութիւն

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.