
Աշխատանքային այցելութեամբ վերջին երկու օրերուն Հայաստան գտնուող Վրաստանի պաշտպանութեան նախարար Իրաքլի Ալասանիա տեսակցեցաւ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի հետ: Տեսակցութեան ընթացքին քննարկուեցան զինուորական եւ զինուորական-ճարտարագիտական համագործակցութեան, շրջանային անվտանգութեան առնչուող հարցեր, երկու երկիրներու պաշտպանութեան նախարարութիւններուն միջեւ գոյութիւն ունեցող համագործակցութեան մակարդակը ընդլայնելու կարելիութիւնները եւ բազմակողմ շրջանակներու մէջ գործակցութեան հեռանկարները, ըսուած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ:


