Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (19 ՅՈՒԼԻՍ 1961)

July 19, 2011
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ

ՏԱՐԻ ՄԸ ԵՏՔ

(ՎԱՂԱՆՑՈՒԿ ՏԱԳՆԱՊԻ ՄԸ ՏԱՐԵԴԱՐՁԸ)

Տարի մը առաջ էր:

Հայրենասիրութեան, վեհութեան եւ անշահախնդրութեան սքանչելի ու պատկառազդու դաս մը եղան նախագահ Շեհապի հրաժարման եւ այդ հրաժարականը, ժողովուրդի միահամուռ թախանձանքին ընդառաջելով, ետ առնելու զոյգ քայլերը, որոնց միջեւ երկարող վեց ժամերը անդոհալի վրդովումի մը մատնած էին ամբողջ երկիրը,  անոր բոլոր հատուածները եւ բոլոր հոսանքները անխտիր:

Տարի մը անցած է այդ անդոհանքի ու ցնծութեան, տխրութեան եւ անհուն ուրախութեան օրէն:

Իր նախագահին վեհ կեցուածքով Լիբանան փրկուած էր: Աստուած անգամ մը եւս եղած էր այս փոքր ու ազնուական երկրին հետ: Լիբանանցիներու սիրտը ճմլող մտավախութիւնները փարատած էին, որովհետեւ իւրաքանչիւր քաղաքացի ապահովուած էր, թէ երկրին եւ անոր ժողովուրդին վրայ հայրական հոգածութեամբ պահակ մը արթուն կը հսկէր Սարպայի պալատին մէջ, պատրաստ` նոր զոհողութիւններու, միշտ պատնէշին վրայ, ինչպէս եղած էր զինուորական իր փայլուն ասպարէզի օրերուն, որպէսզի ապրի ու բարգաւաճի այս գեղեցիկ երկիրը, Ազատութեան, Բարութեան ու Գեղեցկութեան այս օճախը, ինչպէս ըսած էր նախագահը` ազգին ուղղած իր պատգամին մէջ:

Հիմա, տարի մը ետք, շատ աւելի դիւրաւ կարելի է ըմբռնել ժողովրդական այս խոր զգացումին պատճառները: Ըմբռնել` աչքի առջեւ ունենալով այն մեծ գործը, որ նախագահը կատարեց իր պաշտօնավարութեան առաջին երեք տարիներու ընթացքին` պատկերացնելով այն գեղեցիկ պայմանները, որոնց մէջ եւ յատկապէս անոնց բերումով նախագահ Շեհապ հրաժեշտ տուաւ իր այնքան սիրած զինուորական ասպարէզին` «պատրա՛ստ» պատասխանելու համար հայրենիքի կոչին:

Այս երեք տարիներու ընթացքին ամէնէն դժուարինը, որ երբեւիցէ Լիբանան ճանչցած ըլլայ անկախութեան տիրանալէն ի վեր, նախագահը իր իմաստուն քաղաքականութեամբ եւ լիբանանեան իրականութիւններու հանդէպ ցոյց տուած խոր գիտակցութեամբ, արժանացաւ բոլորի վստահութեան, յարգանքին եւ սիրոյն:

1958-ի տագնապալի դէպքերէն ետք հսկայական գործ կար կատարելիք:

Յեղափոխութիւնն ու հակայեղափոխութիւնը ձգած էին իրենց հետքերը, որոնք անջնջելի կը կարծուէին: Մութ կը թուէր այս երկրին ճակատագիրը` իրերամերժ հոսանքներու ենթակայ:

Նախագահ Շեհապ, հասուն ղեկավարի իր փորձառութեամբ, այլ մանաւանդ` իր խոր հայրենասիրութեամբ եւ անշահախնդրութեամբ, խոհեմ ու մտածուած քայլերով, Լիբանանը դրաւ յաւէտ կորսուած կարծուող իր երբեմնի վերելքի ու բարգաւաճումի ճամբուն մէջ:

Այսօր անցեալը գէշ յիշատակ մըն է միայն:

Կայ ապագան, որուն պայծառ ու լուսաշող ըլլալը կախում ունի միայն լիբանանցիներու կամքէն:

Մարդը, որ իրագործեց լիբանանեան զարմանալի վերականգնումին հրաշքը, այսուհետեւ եւս պիտի գիտնայ իր մտածումներուն եւ հոգածութեան առանցքը դարձնել այս սքանչելի երկրին վերելքն ու բարգաւաճումը, մեծութեան եւ փառքի մէջ:

ԼԻԲԱՆԱՆՑԻ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆՆԵՐ Ճ. ՄԱՐՏԻԿԵԱՆԻՆ
ՆՈՒԻՐԵՑԻՆ ԴԱՄԱՍԿԵԱՆ ՍՈՒՐ ՄԸ

Սան Ֆրանսիսքոյէն կը գրեն մեզի յուլիս 15 թուականով.-

Լիբանանի խորհրդարանի անդամներէն Ռընէ Մոաուատ, Մահմուտ Ամմար, Հապիպ Մթրան, Ապտու Սաապ, Նազէմ Քատրի, Էտուարտ Հոնէյն եւ Ֆատլալլա Թալհուք այս օրերուն կը պտտին Միացեալ Նահանգներու գլխաւոր առեւտրական ճարտարարուեստական ու մշակութային կեդրոնները` ծանօթանալու այս երկրին ու անոր ժողովուրդին: Անոնք եկած են եւ այս պտոյտը կը կատարեն ամերիկեան կառավարութեան հրաւէրով եւ իբրեւ անոր հիւրերը:

Յուլիս 11-ին անոնք եկան Սան Ֆրանսիսքօ, ուր մնացին երկու օր: Ճորճ Մարտիկեան, ինչպէս միշտ, պատուաբեր հիւրասիրութիւն մը ցոյց տուաւ յարգելի հիւրերուն իր «Օմար Խայեամ»ի ճաշարանին մէջ, ուր անոնք իրենք զիրենք գտան ընտանի մթնոլորտի մը մէջ: Վայելեցին անոնք ոչ միայն իրենց ծանօթ արեւելեան կերակուրներ, այլեւ շրջապատուեցան հայ եւ արաբ երիտասարդներով, որոնք Լիբանանէն ու Սուրիայէն եկած են ու այս շրջանի ամերիկեան բարձր հաստատութեանց մէջ կը հետեւին մասնագիտութեանց: Երեսփոխաններէն մէկ երկուքը նոյնիսկ իրենց ծանօթ արաբ եւ հայ երիտասարդներ գտան անոնց մէջ:

Երեկոյթի ընթացքին երեսփոխանները եւ Ճ. Մարտիկեան մտերմաբար փոխանակեցին կարծիքներ տարբեր հարցերու մասին: Ի հարկէ խօսակցութեան գլխաւոր առանցքն էր Լիբանանի ներկայ կացութիւնը, դիրքը արաբական աշխարհին մէջ, եւ արաբ ու հայ ժողովուրդներու բարեկամական յարաբերութեանց զարգացումն ու պահպանումը:

Յարգելի հիւրերը այնքան հաճելի գտան երեկոյթը եւ մտքերու մտերմական փոխանակութիւնը, որ ինքնաբերաբար յայտարարեցին, թէ Ամերիկայի մէջ ոչ մէկ տեղ իրենք զիրենք զգացած էին այսպիսի ընտանեկան մթնոլորտի մը մէջ:

Յաջորդ օրը, անոնք պաշտօնապէս Ճ. Մարտիկեանի ներկայացուցին մեծ սուր մը, դամասկեան պողպատէ, փղոսկրեայ կոթով եւ ոսկեպատ պատեանով, առ ի գնահատութիւն անոր` Լիբանանի Հանրապետութեան եւ ժողովուրդին ցոյց տուած անկեղծ հետաքրքրութեան ու բարեկամութեան:

Նախորդը

ԱՄՇԻԹԻ ՄԷՋ ԸՆԹՐԻՔ` Ի ՊԱՏԻՒ ՌԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ

Յաջորդը

ՄՕՏԻԿ ԱՊԱԳԱՅԻՆ` «ԷՖԹԸՐ ՈՒՈԹԸՐ ՏԵՐ ԻԶ ՍԵՆՏ» ԺԱՊԱՒԷՆԻ ՆԿԱՐԱՀԱՆՈՒՄԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.