Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մարգարեան. «Մենք Կ՛ուզենք Երկրին Մէջ Հիմնական Փոփոխութիւն Մտցնել»

September 25, 2014
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

0922_Hrant1Հայաստանի անկախութեան վերականգնման 23-րդ տարեդարձին օրը «Արմենիա» պատկերասփիւռի կայանին «Ռ-Էվոլիւցիա» հաղորդաշարին հիւրն էր ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան:

Հարցազրոյցին ընթացքին պատասխանելով հաղորդավարին հարցումին, որ կ՛ըսէր, թէ Հայաստանը ներկայ քաղաքական համակարգով, եթէ 100 առ հարիւր համամասնական կամ խորհրդարանական համակարգին անցնի այդ համակարգը որքանո՛վ կը փոխուի, Հրանդ Մարգարեան ըսաւ, որ «այսօրուան սահմանադրութեամբ ներկայի իշխանութիւնները երկու անգամով վերարտադրուած են: Յաջորդ սահմանադրութիւնը կրնայ ապահովել իշխանութիւններուն վերարտադրումը կամ չապահովել: Ձուկը ջուրին մէջ ի՞նչ բանի մասին կը խօսինք: Եթէ մենք դրական մարդիկ ենք եւ այլ նպատակ չենք հետապնդեր,

որն է տրամաբանութիւնը. երթանք մեր առաջարկներով, ըսենք, չորս ընդդիմադիր քաղաքական ուժերս այս պահանջը կը ներկայացնենք, կ՛ընդունիս` փոփոխութիւններու հետ ենք, չես ընդունիր` դէմ ենք փոփոխութիւններուն: Մենք այս մէկը չկատարեցինք, ըսե՞մ ինչու չկատարեցինք: Այստեղ է, որ իրենք ազնիւ չեն: Իրենք տեսան, որ իշխանութեան մակարդակով կայ բաց մը, ստեղծուած է բաց մը: Իրենց կը թուի, որ բաց մը ստեղծուած է: Յաջորդ նախագահական ընտրութիւններուն  կը տեսնեն հաւանական թեկնածու, ընտրուող թեկնածու գոյութիւն չունի: Հաւանական կը նկատեն, որ իրենց թեկնածուն այս ամայութեան մէջ ընտրուելու կարելիութիւն կ՛ունենայ: Մոռցան իրենց 2012-ին ըսածները, մոռցան այսքան տարիներ համակարգային փոփոխութիւններուն վերաբերեալ իրենց ըսածները: Մոռցան վերջապէս, որ Ազգային ժողովի ընտրութիւնները 2017-ին տեղի պիտի ունենան, նախագահական ընտրութիւնը` 2018-ին: Կը մոռնան այս ամէնը, եւ կը փորձեն խնդիրը ցոյց տալ ծուռ հայելիի մէջ: Կարողութիւնը չունին ժողովուրդին ըսելու` ժողովուրդ, մենք Սերժ Սարգսեանը կ՛ուզենք փոխարինել մեր Սերժ Սարգսեանով, բայց երկրին մէջ ոչ մէկ փոփոխութիւն պէտք է ըլլայ:

Պատասխանելով «ո՞վ է իրենց Սերժ Սարգսեանը» հարցումին` Հրանդ Մարգարեան ըսաւ. «Իրենց հարցուցէք: Ես բարոյական չեմ նկատեր իրենց տեղը յայտարարութիւն կատարել: Բայց ես ալ գիտեմ, դուք ալ գիտէք, բոլորն ալ գիտեն` իրենց ուզածը Սերժ Սարգսեանը իրենց Սերժ Սարգսեանով փոխելն է, առանց երկրին մէջ  փոփոխութիւն մտցնելու: Այդ պատճառով դէմ են սահմանադրութեան փոփոխութիւններուն, որովհետեւ իրենք կը մտածեն, Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն կարելիութիւն չունին յաջողելու, իշխանութիւնը պիտի վերարտադրուի Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն ընթացքին: Իրենք այդպէս կը մտածեն: Բայց նաեւ կը մտածեն, հոգ չէ, եթէ նախագահական ընտրութեան մեր Սերժը բերենք նախագահ, առնետավազք տեղի կ՛ունենայ, այսինքն` Ազգային ժողովի մեծամասնութիւնը կը փոխուի առնետավազքի իբրեւ հետեւանք, այսինքն` ի՞նչ, ոչինչ փոխուեցաւ այս երկրին մէջ: Այսինքն նոյն մարդոց վրայ, որ այսօր Սերժ Սարգսեանը կը յենի, վաղը ընդդիմութեան Սերժը պիտի յենի: Ի՞նչ կ՛ընենք մենք այս ընթացքով, մեր երկրին ծառայութի՞ւն կը մատուցենք: Մենք հայրենասէ՞ր ենք: Մենք գաղափարական մարդի՞կ ենք, թէ՞ ուղղակի առիթէն կ՛ուզենք օգտուիլ: Մենք ալ  կ՛ուզենք առիթէն օգտուիլ եւ երկրին մէջ հիմնական փոփոխութիւններ մտցնել, որ երկիրը իսկապէս ժողովրդավարական դառնայ»:

Յայտնենք, որ Հրանդ Մարգարեանի հետ կատարուած հարցազրոյցին ամբողջութիւնը կու տանք հետագային:

 

Նախորդը

«Սուրիոյ Հայաշատ Շարք Մը Համայնքներ Դատարկուած Են» Կ՛ըսէ Ժիրայր Ռէյիսեան

Յաջորդը

Հայաստանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանատունը Խստիւ Կը Դատապարտէ Տէր Զօրի Սրբոց Նահատակաց Եկեղեցւոյ Աւերումը

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.