
Սուրիոյ երբեմնի մօտ հարիւր հազարնոց հայկական համայնքէն այսօր տարբեր հաշուարկներով մնացած է 20-30 հազար մարդ:
Սուրիոյ հայաշատ համայնքներէն տեղահանուածներէն շատերը ապաստանած են Սուրիոյ քիչ թէ շատ ապահով նկատուող բնակավայրերուն մէջ: Սուրիայէն չեն հեռացած հիմնականին մէջ այն ընտանիքները, որոնք հեռանալու բաւարար միջոցներ չունին:
Այս օրերուն Երեւան կը գտնուի Հալէպի հայկական համայնքի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեան: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցին ընթացքին ան թուարկեց Սուրիոյ շարք մը մեծ հայաշատ գիւղերը, օրինակ` Արամոն, Ղնեմիէն, որոնք ամբողջովին հայաթափուած են եւ ներկայիս կը գտնուին ապստամբներուն եւ ահաբեկիչներուն հսկողութեան տակ:
Հայերը կ՛ապրէին եւ այժմ փախած են նաեւ Ռաքքայէն, որ այսօր Իսլամական պետութիւն խմբաւորումը հռչակած է իր մայրաքաղաքը: Շատ սուրիահայեր հեռացած են նաեւ Դամասկոսէն, շրջակայ արուարձաններէն ու գիւղերէն: Մարդիկ կը ձգեն իրենց տուները եւ ունեցուածքը:
Անշարժ գոյքը ծախելը այնտեղ անիրատեսական է, իսկ ամէն ինչ տեղափոխելը` կարելի: Մեծ թիւով հայեր տեղափոխուած են ծովեզերեայ շրջաններ, մասնաւորապէս Լաթաքիա, իսկ Հալէպը կը շարունակէ մնալ հայաշատ քաղաք, որուն կարգ մը շրջանները այսօր նոյնպէս ապստամբներուն տնօրինութեան տակ են:
«Երթեւեկութիւն ալ կայ, սակայն շատ ճամբաներ փակ են, բնական վիճակ չէ, սակայն մարդիկ անբնականութեան մէջ կը փորձեն իրենց կեանքը բնականացնել», յայտնեց Ռէյիսեան:
Ըստ սփիւռքի նախարարութեան, Սուրիայէն հեռացած հայերէն միայն 12 հազարը եկած է Հայաստան: Երկրէն հեռացած միւս հայերը կա՛մ ժամանակաւորապէս տեղափոխուած են Լիբանան, կա՛մ հեռացած են աշխարհի տարբեր երկիրներ: Ժիրայր Ռէյիսեան նշեց, որ սուրիահայերուն մեծ մասը տակաւին յոյս ունի տուն վերադառնալու, երբ երկրին մէջ խաղաղութիւն հաստատուի եւ ծայրայեղականները չհասնին իշխանութեան:
Ռէյիսեան վստահ է, որ շատ սուրիահայեր պիտի ցանկային երկրորդ կեանք սկսիլ Հայաստանի մէջ: Պարզապէս Հայաստան տեղափոխուիլը եւ այստեղ կեանք սկսիլը թանկ հաճոյք է. «Գիտենք, որ հարուստ հայրենիք չունինք, սակայն կը փափաքինք, որ այստեղ որոշ պայմաններ ստեղծուին սուրիահայերու համար` հարկային ժամանակաւոր արտօնութիւններ պիզնըս սկսելու համար եւ երկարաժամկէտ վարկերով տուն»:
Հայաստան-սփիւռք համաժողովին մասնակցելու համար Երեւան եկած սուրիահայերը այս խնդրանքը ներկայացուցած են Հայաստանի իշխանութիւններուն:


