
Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ երէկ Պնաշհիի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ֆաթհալին` ներկայութեամբ Թոնի Ֆրենժիէի, իրաւաբան Եուսեֆ Ֆընիանոսի եւ Անթուան Մերհեպի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Միւս կողմէ, «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին Ֆրենժիէ շեշտեց, որ Սուրիոյ սպառնացած վտանգը այսօր ամբողջ Միջին Արեւելքին կը սպառնայ` աւելցնելով, որ շրջանին համար կը գծուի այնպիսի ծրագիր մը, որ Սայքս Փիքոյէն նուազ վտանգաւոր չէ:
Անդրադառնալով ՏԱՀԵՇ-ը ռմբակոծելու քայլերուն` Ֆրենժիէ շեշտեց, որ այդ քայլերը սուրիական վարչակարգին հետ համադրուած էին:
Ֆրենժիէ ընդգծեց, որ թէ այդ համադրումը ուղղակի կամ անուղղակի եղած է անկարեւոր է, սակայն կարեւորը այն է, որ այդ համադրումը եղած է սուրիական վարչակարգին հետ: «Ամէն ինչ ըրին սուրիական պետութեան դէմ եւ ձախողեցան, իսկ սուրիական պետութիւնը ահաբեկչութեան դէմ եղող ամէնէն անձեռնմխելի վարչակարգն է: Իսկ այն տարրերը, որոնք արաբական եւ շրջանային կարգ մը պետութիւններու կողմէ օգտագործուեցան սուրիական վարչակարգին դէմ, այսօր անոնց դէմ լարուած են ու վերածուած ընդհանուր հարցի եւ ոչ թէ սուրիական վարչակարգի հարցին», ընդգծեց Ֆրենժիէ:
Ան հաստատեց, որ աշխարհագրական եւ ժողովրդագրական փոփոխութիւնները շրջանին մէջ նուազ վտանգաւոր չեն, քան Սայքս Փիքոն, որ Միջին Արեւելքը բաժնեց 1916-ին:
Ֆրենժիէ ըսաւ, որ այդ ծրագիրը կը միտի ամբողջ Միջին Արեւելքը բաժնել, եւ տակաւին այդ ծրագիրին քառորդը գործադրուած է: «Այդ ծրագիրին առանցքները ներկայիս սկսած են յստականալ, սակայն անոնք մէկ կամ երկու ամիսէն կամ մէկ կամ երկու տարիէն պիտի չաւարտին… այլ` տագնապը պիտի շարունակուի: Իսկ դրական զարգացումը այն է, որ ամբողջ հարցը վերածուած է չափաւորականութեան դէմ ահաբեկչութեան եւ ոչ թէ սիւննի-շիի պատերազմի», ըսաւ ան:
Ֆրենժիէ շեշտեց, որ պէտք չէ մոռնալ, թէ Սուրիա կը դիմագրաւէր Պաշշար Ասատի դէմ մղուող համաշխարհային պատերազմ մը:
Ասատի հետ իր յարաբերութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Ֆրենժիէ ընդգծեց, որ այդ կապը բարեկամական է` աւելցնելով, որ Ասատ կը մտածէ մէկ եւ միացեալ Սուրիոյ մասին եւ օր մը օրանց չէ կրցած պառակտուած կամ մասնատուած Սուրիոյ մասին մտածել: Ան խստիւ հերքեց ալեւիական պետութիւն մը հիմնելու առումով շրջանառութեան մէջ դրուած տեղեկութիւնները` շեշտելով, որ ոչ ոքի շահերուն կը ծառայէ այդ պետութիւնը:
Ֆրենժիէ Թուրքիան ամբաստանեց` հաստատելով, որ ան կը դիւրացնէ ՏԱՀԵՇ-ի Սուրիա մուտքը:
Ան նշեց, որ Իրան հզօր է Ասատով, այնպէս ինչպէս Ասատ հզօր է Իրանով: «Հետեւաբար այդ առանցքը շատ զօրաւոր առանցք է եւ ժամանակաւոր շահերու վրայ չէ հիմնուած, այլ` ռազմավարական շահերու վրայ», ըսաւ ան:
Ֆրենժիէ նշեց, որ Իրանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ համախոհութիւնը իր կարգին կրնայ կացութիւնը փոխել, սակայն երկխօսութիւնը մէկ բան է, իսկ համաձայնութիւնը` ուրիշ բան: «Շրջանին մէջ արձանագրուած ամէն դրական զարգացում կրնայ մեր վրայ իր դրական ազդեցութիւնը ունենալ, իսկ հակառակը նաեւ ճիշդ է, որովհետեւ Լիբանան եւս այս շրջանին մէջ կը գտնուի», ըսաւ ան:
Լիբանանի նախագահական ընտրութիւններուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Ֆրենժիէ ըսաւ, որ ներկայիս թափուր աթոռն է համախոհական թեկնածուն` աւելցնելով, որ եթէ համախոհական թեկնածու մը գոյութիւն ունենար, ապա ան ընտրուած կ՛ըլլար, եւ հարց տուաւ, թէ ինչո՞ւ միշտ Լիբանանի նախագահը պէտք է համախոհական անձնաւորութիւն մը ըլլայ:
Ֆրենժիէ ըսաւ, որ Լիբանանին եւ շրջանին դիմագրաւած ներկայ պայմանները կը պարտադրեն, որ երկրին նախագահը ունենայ քաղաքական որոշ կշիռ մը եւ անունով կամ անձնաթուղթին մէջ միայն քրիստոնեայ չըլլայ, այլեւ` ունենայ քրիստոնէական հզօր ներկայացուցչութիւն:
Առեւանգուած զինուորներուն հարցին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Ֆրենժիէ յայտնեց, որ բանակը կառավարութեան հովանաւորութիւնը կը վայելէ` աւելցնելով, որ ան կրնայ կատարել այն, ինչ որ յարմար կը գտնէ:
Ան շեշտեց, որ բանակը Արսալի եւ Քալամունի մէջ չ՛ուզեր պարտուիլ` առանց յաղթելու, աւելցնելով, որ լիբանանեան բանակը որակական զէնքի կարիք ունի, «իսկ հեգնականը այն է, որ այս պարագային ահաբեկիչները զինուած են որակական զինամթերքով, իսկ լիբանանեան բանակը` աւանդականով», նշեց ան:
Ֆրենժիէ ընդգծեց, որ Թրիփոլիի մէջ վտանգը հաստատ է` յայտնելով, որ հակառակ խաղաղ քաղաք մը ըլլալու իր իրականութեան, Թրիփոլիի մէջ կայ փոքրամասնութիւն մը, որ հազարաւոր մարդիկ կը հաշուէ եւ տիրական է:


