Բանակի հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ Թըպպանէի մէջ գտնուող լիբանանեան բանակին երեք կեդրոնները ենթարկուած են կրակոցներու, որոնց պատճառով վիրաւորուած է բանակային մը:
Բանակի կեդրոններուն զինուորները հակադարձած են կրակոցներուն, իսկ բանակի շրջուն ջոկատները հետապնդած են զինեալները` զանոնք ձերբակալելու նպատակով:
ՆՇԵՆՔ, որ պետական անվտանգութեան ուժերը երէկ Աքքարի Ռահպէ գիւղաքաղաքին մէջ ձերբակալեցին Պ. Ք. անուան սկզբնատառերով սուրիացի մը, որուն հետ հարցաքննութիւնները փաստեցին, թէ ան անդամ է ՏԱՀԵՇ-ի:


