
ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆրանք Վալթեր Շթայնմայեր Պերլինի մէջ իր թուրք պաշտօնակիցին` Մեւլութ Չաւուշօղլուի հետ հանդիպումէն ետք զօրակցած է Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան բանակցութիւններու շարունակումին:
«Գերմանիա կը պնդէ Պրիւքսէլի մէջ Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան բանակցութիւններուն մէջ նոր գլուխներու բացումը», նշած է Շթայնմայեր:
«Ճիշդ անոնք, որոնք թերահաւատօրէն տրամադրուած են, պէտք է շահագրգռուած ըլլան այս հարցին մէջ` կապուած իրաւական համակարգի զարգացման եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան հետ», ըսած է գերմանական դիւանագիտութեան պետը` աւելցնելով, որ ատիկա կարելիութիւն պիտի տայ Թուրքիոյ անմիջականօրէն ըսել, թէ այլեւս ի՛նչ պէտք է կատարուի երկրին մէջ:


