Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ երեկոյեան ժամը 8:30-ին պատկերասփռուած ճառի մը ընդմէջէն անդրադարձաւ հիմնական երկու թղթածրարներու, որոնք են առեւանգուած զինուորներուն հարցն ու ահաբեկչութեան դէմ պայքարի դաշինքին զօրակցելու խնդիրը:
Սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ առեւանգուած զինուորներուն հարցը փշոտ եւ դժուար է` աւելցնելով, որ ինք լաւ կը հասկնայ անոնց հարազատներուն հոգեվիճակն ու տառապանքը` նկատի ունենալով անոնց վրայ բանեցուող ճնշումը:
Ան յարգանք մատուցեց լիբանանեան բանակի առեւանգուած եւ ապա նահատակ դարձած զինուորներուն հոգիներուն, ինչպէս նաեւ երէկ անցարգելի մը վրայ սպաննուած զինուորին հոգւոյն եւ բարձր գնահատեց նահատակ բանակայիններու ծնողներուն արտայայտած ազգային կեցուածքները:
«Մենք կը զօրակցինք անոնց ընտանիքներուն եւ մենք լաւ գիտենք այդ ցաւը` տասնեակ տարիներէ ի վեր եւ Դիմադրութեան փորձառութեան բերումով», ըսաւ սէյիտ Նասրալլա:
Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը յայտնեց, որ 2 ամիս առաջ Արսալի մէջ եւ անոր բարձունքներուն վրայ գտնուող ահաբեկիչները յարձակեցան բանակի անցարգելներուն վրայ եւ առեւանգեցին լիբանանցի զինուորներ` պահանջելով ազատ արձակել հաւատադրժողական խմբաւորումի պատասխանատուներէն Մոհամետ Ժումաան:
Ան շեշտեց, որ առեւանգուած բանակայիններուն թղթածրարը ազգային, մարդկային, բարոյական եւ բոլոր լիբանանցիներուն` պետութեան եւ ժողովուրդին պատկանող հարց մըն է:
Սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ քաղաքական կարգ մը ուժեր այս հարցին հետ պէտք է ազգային մակարդակով վարուէին եւ զայն մաղձ թափելու, համայնքային թէ յարանուանական սադրանքներ հրահրելու առիթի չվերածէին:
«Առեւանգուած բանակայիններուն ազատ արձակումն ու անոնց ապահով տունդարձը պէտք է նպատակի վերածել եւ կարելի բոլոր միջոցներուն դիմել` իրագործելու համար այդ նպատակը», ըսաւ ան:
Սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ բանակայինները ազատ արձակելու պատասխանատուութիւնը երկրին քաղաքական իշխանութեան հարցն է` աւելցնելով, որ այդ իմաստով անշուշտ անուղղակի բանակցութիւններ կան:
Ան ընդգծեց, որ Հըզպալլա համաձայն է այդ բանակցութիւններուն` հերքելով բոլոր այն տեղեկութիւնները, որոնք կը վերագրուին Հըզպալլային, զայն ներկայացնելով իբրեւ բանակցութիւնները մերժող կողմ:
«Մենք մնայուն կերպով բանակցած ենք եւ տակաւին կը շարունակենք բանակցիլ` անուղղակիօրէն, մեր մարտիկներուն եւ նահատակներուն դիակներուն համար, սակայն մենք կը հաւատանք, որ լիբանանեան պետութիւնը պէտք է զօրութեամբ բանակցի եւ ոչ թէ անձնատուութեան հոգեբանութեամբ: Լիբանանեան պետութիւնը գիտէ, թէ իր զօրութիւնը ո՛ւր կը կայանայ եւ այդ դիտանկիւնէն կրնայ մօտենալ անուղղակի բանակցութեան հոլովոյթին` հիմնուելով տարբեր բեմագրութիւններու վրայ», շեշտեց ան:
Սէյիտ Նասրալլա հաստատեց սակայն, որ Լիբանանի կառավարութիւնը իրաւունք ունի սպանութեան արարքին ներքեւ չբանակցելու առեւանգողներուն հետ:
Առեւանգուած զինուորներուն թղթածրարին պատճառած հետեւանքներուն մասին խօսելով` սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ ահաբեկիչներուն փոխարէն կարելի չէ սուրիացի գաղթականներուն դէմ վնաս հասցնել, իսկ առեւանգումները առեւանգումներով փոխադարձելու պարագաներուն մասին սէյիտ Նասրալլա ըսաւ, որ անիկա ապօրինի է եւ հակակրօնական: «Այս պարագային աւելի գէշը այն է, որ ան կ՛իրականացնէ զինեալներուն նպատակը` սադրանքներու հրահրում եւ լիբանանեան ներքին բախումներ` հասնելով մինչեւ քաղաքացիական պատերազմ», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ ահաբեկիչներն են ու հաւատադրժողական շարժումները, որոնք կ՛ուզեն կռիւը Լիբանան փոխադրել եւ ոչ թէ Հըզպալլան:
Սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ Լիբանան լուրջ վտանգի եւ մարտահրաւէրներու դիմաց կը գտնուի` ընդգծելով ինքնազսպումի ենթարկուելու եւ ամէն պարագայի ազգային միասնականութիւնը պահպանելու կարեւորութիւնը:
Միւս կողմէ, սէյիտ Նասրալլա ընդգծեց, որ Հըզպալլա կը մերժէ ՏԱՀԵՇ-ը եւ հաւատադրժողական շարժումները եւ կը պայքարի անոնց դէմ:
Իսկ ակնարկելով Միացեալ Նահանգներուն կողմէ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարելու նպատակով ստեղծուած միջազգային դաշինքին` սէյիտ Նասրալլա ըսաւ, որ Հըզպալլա այդ դաշինքին դէմ է, որովհետեւ Միացեալ Նահանգներ ահաբեկչութեան աղբիւրն են, շրջանին մէջ ահաբեկիչ Իսրայէլի բացարձակ զօրակիցն են, ՏԱՀԵՇ-ը ստեղծող կողմ կը նկատուին եւ հետեւաբար բարոյական ոչ մէկ իրաւունք կամ յատկանիշ ունին նման դաշինք մը ղեկավարելու:
«Միացեալ նահանգներ տակաւին նոր զօրակցեցան Կազայի դէմ սանձազերծուած 50-օրեայ վայրագ պատերազմին», նշեց ան` վերահաստատելով, որ իրենք նման դաշինքի մը չեն կրնար զօրակցիլ:
«Կը մերժենք նաեւ, որ Լիբանան այս դաշինքին մաս կազմէ, որովհետեւ անիկա վտանգի կ՛ենթարկէ Լիբանանը, Լիբանան պէտք չունի նման դաշինքի մաս կազմելու եւ Լիբանան կարողութիւնը ունի ահաբեկչութեան եւ անոր սպառնացած վտանգներուն դէմ պայքարելու», ըսաւ ան:
Սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ եթէ Լիբանանին օգտակար կ՛ուզեն հանդիսանալ, ապա թող կասեցնեն Լիբանանը թիրախ դարձնող զինեալները, զանոնք ֆինանսաւորողներն ու զինողները եւ թող սկսին զինել լիբանանեան բանակը, ինչպէս նաեւ Լիբանան հասնող սուրիացի գաղթականներուն հարցով օժանդակել Լիբանանին:
«Լիբանանցիները կարողութիւնը ունին ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու, իրենց պետութեան, բանակին, միասնականութեան եւ ազգային գիտակցութեան ընդմէջէն, նոյնիսկ եթէ ահաբեկչական ու հաւատադրժողական շարժումները լիբանանեան տարբեր շրջաններու մէջ տարածուին: Այնքան ատեն որ մենք ողջ ենք, լիբանանցիները կրնան ահաբեկչութեան վտանգը իրենցմէ հեռացնել», եզրափակեց սէյիտ Նասրալլա:


