Իսրայէլեան բանակը յայտարարեց, որ երէկ առաւօտեան սպաննած է պաղեստինցի երկու երիտասարդներ, որոնք ամբաստանուած են քանի մը ամիս առաջ Հեպրոնի մէջ երեք իսրայէլացի բնակեցուած պատանիներու առեւանգումին եւ սպանութեան համար:
«Ետիոթ Ահրոնոթ» կայքը հաղորդեց, որ իսրայէլեան բանակը երէկ Հեպրոնի Ժամեհա փողոցին մէջ շղթայազերծած է զինուորական մեծ արշաւ մը, որուն ընթացքին սպաննած է Մարուն Քաուասիմին եւ Ամեր Ապու Այիշան: Գործողութիւնը կատարուած իսրայէլեան «Եամամ» մասնայատուկ ուժերու եւ ներքին գաղտնի սպասարկութեան` Շապաքի հետ գործակցաբար:
Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու բնակեցուած երեք պատանիներու ընտանիքներուն առջեւ իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց. «Բնակեցուածներուն դիակներուն յայտնաբերումէն ետք ըսի, որ առեւանգումն ու սպանութիւնը կատարողին յանցանքը իր կողքին է: Առաջին պահէն իսկ յայտնեցինք, որ պատասխանատուն Համասն է, եւ նոյնիսկ անիկա ընդունեց այդ մէկը: Ես կը շնորհաւորեմ Շապաքը տեղեկահաւաքի այս հոյակապ աշխատանքին համար»:
Նշենք, որ իսրայէլեան ուժերը նաեւ ձերբակալած են երեք անձեր, որոնք կը կարծուին բնակեցուած իսրայէլացիներու առեւանգումին մեղսակից եղած ըլլալ:
Աւելի ուշ, պաղեստինցիք սպաննուած երկու երիտասարդներուն տան մօտ բողոքի ցոյց կատարեցին:


