
Ելեւմուտքի եւ պետական պիւտճէի խորհրդարանական յանձնախումբը երէկ գումարեց նիստ մը` նախագահութեամբ յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաանի եւ ներկայութեամբ փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպելի:
Նիստին ընթացքին յանձնախումբը վաւերացուց բանակի զինման յատուկ օրինագիծ մը:
Քանաան հաստատեց, որ օրինագիծը կ՛արժէ մէկ միլիառ 600 միլիոն տոլար եւ անիկա պիտի ծառայէ բանակին յատուկ զինուորական ենթակառոյցի, զինուորական սարքերու եւ յարձակողական զինամթերքի ապահովումին:
Քանաան նշեց, որ այդ օրինագիծը պէտք է տեղադրուի յաջորդ շաբթուան ընթացքին գումարուելիք խորհրդարանի օրէնսդրական նիստին օրակարգին վրայ:
Ան աւելցուց, որ այս իմաստով Մուքպել հանդիպում մը պիտի ունենայ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ:


