Մէջբերելով Ռէալ Մատրիտի նախագահ Ֆլորենթինօ Փերեսի կատարած յայտարարութիւնները` «ֆութպոլ Էսփանա» կը հաղորդէ, որ Փերես չի պատրաստուիր հեռանալու իր պաշտօնէն:
«Իւրաքանչիւր անգամ, որ ինծի կ՛ըսեն, թէ ե՞րբ պիտի ներկայացնեմ իմ հրաժարականս, այնքան աւելի կը կապուիմ եւ կ՛ուզեմ շարունակել այդ պաշտօնը: Պիտի շարունակեմ մնալ իմ պաշտօնիս վրայ, այնքան ատեն որ կրնամ: Իսկ բոլոր անոնք, որոնք կ՛ուզեն զիս վախցնել աթոռին տիրանալու համար, դժբախտաբար պիտի չյաջողին իրենց առաքելութեան մէջ», կ՛ըսէ Փերես:
Նշենք, որ Աթլեթիքօ Մատրիտէն Ռէալ Մատրիտի կրած պարտութենէն ետք, խումբին համակիրներէն ոմանք պահանջած էին Փերեսի հրաժարականը:


