ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Անպա» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնը շրջանային եւ միջազգային առումով առաջնահերթութիւն չի նկատուիր: Այս շրջագիծին մէջ, իրանցի պատասխանատուներ հաստատեցին, որ այդ հարցը զուտ լիբանանեան է եւ անոր լուծման բանալին կը գտնուի Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի մօտ:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունէն ստացած է հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը, որուն ընթացքին վերջինս Պըրրիի հետ հանդիպում ունենալու փափաք յայտնած է:
ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Ռիատ» օրաթերթին համաձայն, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ մօտիկ ապագային պիտի այցելէ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի:
ԸՍՏ պաշտօնական աղբիւրներու, երեքշաբթի, 23 սեպտեմբերին գումարուելիք նախագահական ընտրութեան խորհրդարանի նիստը նախորդներէն տարբեր պիտի չըլլայ:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Անպա» օրաթերթին համաձայն, երեսփոխանական ընտրութիւններուն պարագային համագործակցութիւն պիտի ըլլայ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի միջեւ:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերուն նախարարները մտավախութիւն յայտնած են ահաբեկչութեան դէմ պայքարի միջազգային դաշինքին նպատակներուն առումով:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆ հարցերու պետական նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ շեշտեց, որ իրենք Միացեալ Նահանգներու քաղաքականութեան նկատմամբ վստահութիւն չունին եւ չեն կարծեր, որ անոնք լուրջ են ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ:
ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպաս հաստատեց, որ սուրիացի գաղթականներուն համար յատուկ գաղթակայաններ կառուցելու թղթածրարը պիտի չքննարկուի` նկատի ունենալով, որ անոր շուրջ համախոհութիւն չէ գոյացած:
ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ նախարար Ալեն Հաքիմ ընդգծեց, որ լիբանանեան բանակը կազմ ու պատրաստ է եւ ան Արսալի բարձունքները որեւէ ատեն կրնայ իր հակակշիռին տակ առնել:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ շեշտեց, որ փոխանցման շրջանի հանրապետութեան նախագահի մը ընտրութիւնը ճշգրիտ որոշում չի կրնար ըլլալ` աւելցնելով, որ հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը պոյքոթի ենթարկելու իմաստով իրանեան որոշում տրուած է: Ան նշեց, որ իրենք համաձայն են խորհրդարանի օրէնսդրական նիստերուն ներկայ գտնուելու:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Խրէյս շեշտեց, որ իրենք խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումին դէմ պիտի քուէարկեն` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է զօրակցիլ բանակին եւ ահաբեկչութեան դէմ կեցուածքները միասնականացնել:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Սամիր Ժսըր մտահոգութիւն յայտնեց Լիբանանը դէպի անիշխանութիւն մղելու փորձերէն` աւելցնելով, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի հետ իրենց երկխօսութիւնն ու խորհրդակցութիւնները կը շարունակուին:
ԻՔԼԻՄ Խարրուպի մէջ Ժամաա Իսլամիէն եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութիւնը ունեցան հանդիպում մը, որուն ընթացքին շեշտեցին անձնական ապահովութեան հանդէպ իրենց մերժումը եւ պետութեան ու անոր հաստատութիւններուն նեցուկ կանգնելու անհրաժեշտութիւնը:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի շեշտեց, որ խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումը չարեաց փոքրագոյնն է` նախագահական աթոռի թափուր մնալուն ընթացքին:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարուան Շարպել յայտնեց, որ ՏԱՀԵՇ-ի հազարաւոր զինեալներու լիբանանեան սահման հասնելուն մասին լուրերը անճիշդ են:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան տեղեկատու գրասենեակի պատասխանատու Ռամի Ռայիս յայտնեց, որ փակ դռներու ետին լիբանանեան քաղաքական ուժերն ալ համաձայն են խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումին:


