Սկովտիոյ մէջ անկախութեան շուրջ տեղի ունեցած հանրաքուէին ընթացքին սկովտիացիք «Ոչ» քուէարկեցին անկախութեան եւ Բրիտանիան փրկուեցաւ մասնատումէ:
Սկովտիոյ աւագ նախարար Ալեքս Սալմընտ, որ անկախութեան զօրակցողներու ճամբարը կը գլխաւորէ, ընդունեց պարտութիւնը եւ կոչ ուղղեց ազգային միութեան: Ան ըսաւ, որ հանրաքուէն եւ մասնակցութեան բարձր համեմատութիւնը «ժողովրդավարական հոլովոյթին համար յաղթանակ մըն է» եւ խոստացաւ յարգել հանրաքուէի ճամբան հարթած Էտինպուրկի համաձայնութիւնը, արդիւնքը յարգելու եւ աշխատելու ի նպաստ Սկովտիոյ եւ Բրիտանիոյ:
Ան յիշեցուց, որ Բրիտանիոյ միութեան պահպանման համար իշխանութիւնները քարոզարշաւի աւարտին խոստացան յաւելեալ լիազօրութիւններ զիջիլ Սկովտիոյ: «Սկովտիա պիտի ակնկալէ, որ անոնք արագ կերպով յարգուին», ըսաւ ան:
«Ոչ» արշաւի ղեկավար Ալիսթեր Տարլինկ յայտնեց, որ Սկովտիոյ բնակչութիւնը «ընտրեց միութիւնը փոխան մասնատման եւ դրական փոփոխութիւնը փոխան անհարկի անջատման»` աւելցնելով. «Ասիկա Սկովտիոյ եւ ընդհանրապէս Բրիտանիոյ համար նշանակալից արդիւնք մըն է»: «Մինչ կը տօնենք, նաեւ ականջ տանք», ըսաւ ան:


