ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի քարոզչական մարմինը, գործակցութեամբ ՀՅԴ «Իշխան», «Սարդարապատ» եւ «Դրօ» կոմիտէութիւններուն, երէկ երեկոյան հանդիսաւոր տօնախմբութեամբ եւ հսկայաթիւ հայորդիներու ներկայութեամբ, ՀՄԸՄ-ի «Հայր Պօղոս Արիս» մարզադաշտին մէջ նշեց Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման 23-ամեակը:
Պաշտօնական ձեռնարկէն առաջ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբը Պուրճ Համուտի հրապարակէն ուղղուեցաւ «Սարդարապատ» ակումբ, ուրկէ շրջեցաւ նաեւ «Արագած» եւ ապա «Ազիրեան» ակումբները, ի վերջոյ հասնելով ձեռնարկին վայրը:
Շեփորախումբին ընկերակցեցան «Ռոստոմ», «Հրայր Դժոխք» եւ «Քրիստափոր» պատանեկան միութիւններուն անդամները:
Յայտագիրին բացումը կատարեց Հուրի Փափազեան-Էմմիեան, որ ընդգծեց Մայիս 28-ի ուխտով եւ Սեպտեմբեր 21-ի ոգիով ամբողջական Հայաստանը կերտելու երազը իրականացնելու յանձնառութիւնը:
Ապա ան ներկայացուց ձեռնարկին ընթացքին մատուցուելիք յայտագիրը:


«Իշխան», «Սարդարապատ» եւ «Դրօ» կոմիտէութիւններուն անունով Յարութիւն Լափաճեան արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ նշեց, որ 21 սեպտեմբերին կերտուած անկախութեամբ վերանորոգուած է Հայաստանի անկախութեան մայիս 28-եան ուխտը, իսկ այսօր` վերանկախացումէն 23 տարի ետք բոլորս այդ անկախութիւնը պահպանելու մարտահրաւէրին դէմ յանդիման կը գտնուինք:
Ան շեշտեց, որ հզօր Հայաստանով միայն դատը կը լուծուի եւ այդ Հայաստանն է ամբողջական հայրենիքի կերտման սիւնը, «հետեւաբար մենք ամէն գնով պէտք է հզօրացնենք մեր հայրենիքը, մեր մէջ ամուր պահելով հայրենիքին ծառայելու կամքն ու հաւատքը», ըսաւ ան:
Ապա ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը, որուն մէջ անդրադարձ կատարուեցաւ իր գողգոթայէն միայն երեք տարի ետք անկախութիւն կերտած եւ ապա 23 տարիներ առաջ խորհրդային լուծէն վերանկախացած հայ ժողովուրդին պատմութեան հանգրուաններուն` շեշտելով «Հայրենիքի հետ, հայրենիքի համար» կարգախօսին ընդմէջէն Հայաստանի Հանրապետութեան զօրակցելու եւ Հայաստան-Արցախ-սփիւռք հաւաքական ճիգերով հզօր պետութիւն ստեղծելու նախանձախնդրութիւնը:
Գեղարուեստական յայտագիրի ծիրին մէջ, ասմունքով հանդէս եկաւ ՀՅԴ «Աղբալեան» պատանեկան միութեան անդամ Շահէն Արապօղլեան, որ ներկայացուց Գէորգ Էմինի «Մենք» քերթուածը:

Հայաստանի վերանկախացման 23-ամեակին պատգամը փոխանցեց օրուան բանախօս Եսայի հաւաթեան, որ ընդգծեց, թէ հայ մնալ կը նշանակէ ազատ կամքով ազատ ու քաջ ապրիլ եւ մղուած անհաւասար կռիւներէն յաղթական դուրս գալ:
Ան անհրաժեշտ նկատեց, որ իւրաքանչիւր հայ անհատ ամէն առաւօտ Աստուծոյ փառք տալէ ետք, փառք տայ նաեւ 1918-ի Հայաստանի անկախութեան կերտիչներուն, որոնց շնորհիւ հայութիւնը փրկուեցաւ ոչնչացումէ:
Հայաստանի վերանկախացման 23-ամեակին առիթով, Ե. Հաւաթեան հաստատեց զգացական ժողովուրդ մը ըլլալէ աւելի տրամաբանող ժողովուրդ մը դառնալու անհրաժեշտութիւնը` կերտելու համար ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանը:
Ե. Հաւաթեան իր խօսքը եզրափակեց ըսելով. «Բոլորս կոչուած ենք հայրենիքին հետ ապրելու ամէն օր: Ո՛չ պիտի ըսենք հատուածականութեան եւ այո՛ միասնականութեան: Պէտք է քանդենք մեզ իրարմէ անջատող բոլոր պատնէշները եւ իբրեւ ազգ երաշխաւորենք մեր գոյատեւումը»: (Այս առիթով Եսայի Հաւաթեանի արտասանած խօսքը ամբողջութեամբ կարելի է կարդալ «Ազդակ»-ի երկուշաբթի, 22 սեպտեմբեր 2014-ի թիւով, որ նուիրուած պիտի ըլլայ Հայաստանի վերանկախացման 23-ամեակին):
Անկախութեան տօնակատարութիւնը խանդավառ ու հայաշունչ մթնոլորտով համակուեցաւ Գառնիկ Սարգիսեանի եւ Վիգէն Տիշչեքենեանի ազգային ու յեղափոխական երգերու մեկնաբանութեամբ եւ Յովիկ Ատուրեանի նուագակցութեամբ:


