Կառավարութիւնը երէկ կէսօրէ ետք ժամը 4:30-ին վարչապետարանին մէջ, նախագահութեամբ վարչապետ Թամմամ Սալամի, գումարեց իր ընթացիկ նիստը, որուն ընթացքին քննարկուեցաւ 65 կէտերէ բաղկացած օրակարգ մը:
Նիստին ընթացքին օրակարգէ դուրս քննարկուած հիմնական նիւթերը եղան առեւանգուած զինուորներուն եւ ելեկտրական հոսանքի ընդհատումին թղթածրարները:
Այս շրջագիծին մէջ վարչապետ Սալամ կառավարութեան ներկայացուց Քաթար կատարած իր այցելութեան մանրամասնութիւնները, ինչպէս նաեւ առեւանգուած զինուորներուն հարազատներուն հետ իր ունեցած հանդիպումին մանրամասնութիւնները:
Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Ռամզի Ժրէյժ յայտնեց, որ վարչապետը առեւանգուած զինուորներուն հարազատներուն հաստատած է, թէ Լիբանան ամէն կերպով կը պայքարի ահաբեկչութեան դէմ եւ ճիգ չի խնայեր առեւանգուած զինուորները ազատ արձակելու առումով:
Ժրէյժ յայտնեց, որ կառավարութիւնը որոշած է սուրիացի գաղթականներուն թղթածրարը քննարկելու յատուկ նիստ մը գումարել:
Ան նշեց, որ նիստին ընթացքին արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ կառավարութեան ներկայացուցած է Ժետտայի եւ Փարիզի խորհրդաժողովներուն արդիւնքները` շեշտելով, որ Լիբանան յանձնառու է ահաբեկչութեան դէմ միջազգային պայքարին մասնակցելու` ինքզինք այդ տագնապներէն չէզոք պահելով հանդերձ:


