
Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց առեւանգուած զինուորներուն ընտանիքները ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որուն տեղեակ պահեց զինուորները ազատ արձակելու առումով Լիբանանի կառավարութեան ի գործ դրած ջանքերուն եւ քաթարեան կողմին բանակցութիւններուն, ինչպէս նաեւ այսօր քաթարեան պատուիրակութեան Լիբանան կատարելիք այցելութեան մանրամասնութիւններուն մասին:
Պէտք է աւելցնել, որ առեւանգուած զինուորներուն ընտանիքները երէկ կէսօրին բողոքի ցոյց մը կատարեցին վարչապետարանին դիմաց` սպառնալով
մագլցողական քայլերու դիմել, եթէ տակաւին երկարի իրենց հարազատներուն առեւանգումը:
Նշենք, որ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ նաեւ այցելեց վարչապետ Սալամի եւ անոր հետ քննարկեց Լիբանանի ապահովական իրավիճակը, ինչպէս նաեւ առեւանգուած զինուորներուն թղթածրարին կապուած զարգացումները:


