Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան երէկ ընդունեց Հայաստանի Ազգային ժողովի պետական-իրաւական հարցերու մնայուն յանձնախումբի պատուիրակութիւնը` յանձնախումբի նախագահ Յովհաննէս Սահակեանի գլխաւորութեամբ:
Քննարկուեցան հայկական երկու հանրապետութիւններու միջխորհրդարանական համագործակցութեան ծիրին մէջ մասնագիտական յանձնախումբերու միացեալ աշխատանքներու կարելիութիւնները եւ յառաջիկայ ծրագիրները:


