Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան երէկ ընդունեց Հայաստանի մէջ Յունաստանի դեսպան Իոաննիս Թաղիսը եւ դեսպանութեան նոր նշանակուած զինուորական կցորդ, գնդապետ Կէորկիոս Մաւրոէիտիսը: Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարը շնորհաւորեց գնդապետ Մաւրոէիտիսը Հայաստանի մէջ զինուորական կցորդ նշանակուելուն առիթով եւ մաղթեց յաջողութիւն: Հանդիպման ընթացքին նաեւ քննարկուեցան երկկողմ համագործակցութեան եւ շրջանային անվտանգութեան առնչուող հարցեր:
Սէյրան Օհանեան երէկ նաեւ ընդունեց Չինաստանի դեսպան Թիան Չանչունը` Հայաստանի մէջ անոր դիւանագիտական առաքելութեան աւարտին առիթով: Նախարարը շնորհակալութիւն յայտնեց դեսպանին` իր դիւանագիտական առաքելութեան ընթացքին պաշտպանական մարզին մէջ ցուցաբերած աջակցութեան համար: Տեսակցութիւնը առիթ մը եղաւ քննարկելու հայ – չինական երկկողմ, ներառեալ` զինուորական համագործակցութեան հարցեր, կարծիքներ փոխանակուեցան անոնց հետագայ զարգացման ուղղութեամբ:


