Կարմիր խաչի միջազգային խորհուրդի ներկայացուցիչները երեքշաբթի այցելեցին օգոստոսի վերջաւորութեան հայ-ազրպէյճանական սահմանը անցած եւ ազրպէյճանական գերութեան մէջ յայտնուած 53-ամեայ Հայաստանի քաղաքացի Սարգիս Անանեանին:
Ըստ ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութեան, Ազրպէյճանի մէջ Կարմիր խաչի միջազգային խորհուրդի ներկայացուցչութիւնը հաղորդած է, որ հանդիպումին ընթացքին Հայաստանի քաղաքացիին իր ընտանիքին հետ տեղեկատուութեան փոխանակման կարելիութիւն ընձեռուած է:


