Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Օհանեան. «Բանակը Ներքաղաքական Իրադարձութիւններուն Չէ Միջամտած»

September 17, 2014
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

0916_Seyran-Ohanian2Հայաստանի ոչ իշխանական քառեակը «թէժ աշուն» կը խոստանայ, Հայաստանի ոստիկանապետ Վլատիմիր Գասպարեան կը հակադարձէ եւ կը սպառնայ «պաղ ցնցուղով», իսկ  պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան կը հաւաստէ, որ բանակը բնաւ չէ մասնակցած ներքաղաքական խմորումներուն, եւ այժմ ալ, համապատասխան ցուցմունքի  պարագային պատրաստ է իրականացնելու միայն կարեւորագոյն կառոյցներու պաշտպանութիւնը:

Լրագրողներուն  հետ երէկ տեղի ունեցած զրոյցին ընթացքին պատասխանելով այն հարցումին, թէ 2008-ի նախադէպէն ետք բանակը կրնա՞յ միջամտել քաղաքական իրադարձութիւններուն, Սէյրան Օհանեան  ըսաւ. «Բանակը ներքաղաքական իրադարձութիւններուն չէ միջամտած: Բանակը կրնայ համապատասխան միջոցառումներ որդեգրել միայն ու միայն համապատասխան որոշումի եւ ցուցմունքի պարագային, այն ալ երկրի կարեւորագոյն կառոյցներու պաշտպանութիւնը իրականացնելու համար: 2008 թուականին բանակը չէ խառնուած»:

Միայն 4 օր առաջ ոստիկանապետ Վլատիմիր Գասպարեան մամլոյ ասուլիսի ընթացքին նշեց, որ 2008-ին զինուորական ոստիկանութիւնը, որ պաշտպանութեան նախարարութեան ստորաբաժանումն է, յանձնարարութիւն կատարած է:

«1 մարտի մասնակցութիւնը եղած է այնքանով, որ զինուորական ոստիկանութիւնը կառավարութեան շէնքի պաշտպանութիւնը ստանձնած է», ըսած է Գասպարեան:

Նախորդը

Ապտել Լաթիֆ Տըրիան` Պաշտօնապէս Լիբանանի Միւֆթի

Յաջորդը

Ուորլիք. «Ժամանակն Է, Որ Բանակցութիւնները Տարուին Այլ Մակարդակի Վրայ»

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.