«Հայաստանի եւրոպացի բարեկամներ» կազմակերպութիւնը կը յայտնէ, որ Պասքերու տարածքային խորհրդարանը 12 սեպտեմբերին պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով որդեգրած է փաստաթուղթ մը, որ կ՛աջակցի Լեռնային Ղարաբաղի ինքնորոշման իրաւունքի իրագործման:
Պասքերու խորհրդարանին որդեգրած փաստաթուղթը կը խրախուսէ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի` ժողովրդավարութեան սկզբունքներուն հաւատարմութիւնը, անկախ ստեղծուած բարդ իրավիճակէն: Անիկա կը նշէ, որ Ղարաբաղի ժողովուրդը իրաւունք ունի ընտրելու իր սեփական ապագան, մասնաւորաբար իր ինքնորոշումը, որ առանցքային տարր է տագնապի լուծման որեւէ բանակցային հոլովոյթի համար:
Փաստաթուղթը կը շեշտէ Լեռնային Ղարաբաղի մասնակցութեան կարեւորութիւնը ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի` ղարաբաղեան տագնապին լուծման ուղղուած բանակցութիւններուն:
«Հայաստանի եւրոպացի բարեկամներ»-ու տնօրէն Էտուարտօ Լոռնենցօ Օչոա կը նշէ. «Ուրախ եմ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովրդավար կառավարութեան ճանաչման համար եւ կ՛ողջունեմ Եւրոպական Միութեան օրէնսդրութեան համապատասխանելու միտուած ջանքերը: Լեռնային Ղարաբաղի հանրութիւնը պէտք է հպարտ ըլլայ, որ եւրոպական տարածքին ժողովրդավարութեան յանձնառութիւնը իբրեւ անքակտելի մաս, ճանչցուած է ոչ միայն Միացեալ Նահանգներու մէջ, այլ նաեւ` Եւրոպական Միութեան»:
1979-էն ի վեր Պասքերու երկիրը Սպանիոյ 17 ինքնավար համայնքներէն մէկն է եւ ունի շուրջ 2,5 միլիոն բնակչութիւն: Անիկա ունի գործադիր եւ օրէնսդիր սեփական մարմիններ: Պասքերու խորհրդարանը ենթապետական խորհրդարաններէն մէկն է, որ կը վայելէ լիակատար իրաւասութիւն Եւրոպական Միութեան տարածքին մէջ:


