
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ այցելեց լիբանանեան բանակի առեւանգուած զինուորներէն Սէյֆ Հասան Զըպիանի բնակարանը` Մազրաաթ Շուֆի մէջ:
Հանդիպումէն ետք Ժոմպլաթ հարց տուաւ, թէ ինչո՞ւ Ռումիէի իսլամական բանտարկեալներուն դատավարութիւնը կը ձգձգուի. ան հաստատեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած այս արտակարգ հանգրուանին պէտք է արագացնել այդ դատավարութիւնները եւ 3-4 օրէն վերջ տալ այս հարցին:
Ժոմպլաթ նշեց, որ 400 իսլամական բանտարկեալներէն 27 պարագայ դատավարութեան ենթարկուած է, ինչ որ ամօթ է: «Այս աշխատանքը դատական իշխանութիւններուն եւ արդարութեան նախարար Աշրաֆ Ռիֆիին կը պատկանի», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ երկրին ապահովական կայունութիւնը շատ աւելի կարեւոր է, քան` դատական մանրամասնութիւնները:
Ժոմպլաթ խստիւ դատապարտեց բանակին դէմ կատարուող ցեխարձակումները` հաստատելով միաժամանակ, որ բանակը Արսալի մէջ ոչինչ խնայեց, Սայտայի մէջ երկիրը փրկեց Ահմետ Ասիրէն, իսկ Թրիփոլիի մէջ` զինեալներէն, «իսկ ես ամէն ջանք ի գործ պիտի դնեմ ազատ արձակելու համար լիբանանեան բանակի առեւանգուած բոլոր զինուորները: Հետեւաբար պէտք է ենթարկուիլ ինքնազսպումի», ըսաւ ան:
Ժոմպլաթ դատապարտեց Այն Աթայի մէջ սուրիացիներու դէմ կրակելու արարքը` նշելով, որ Լիբանան հասնող բոլոր սուրիացիները յանցաւոր չեն եւ սուրիացիներուն դէմ տրամադրուիլը արտօնելի չէ:


