
Ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք շեշտեց, որ նախարարութիւնը այս պայմաններուն ներքեւ ի վիճակի չէ երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարելու:
Ան աւելցուց, որ Մուսթաքպալ հոսանքին եւ Հըզպալլայի միջեւ քաղաքական աշխատանքի կարելիութիւններ կան` կառավարական եւ երեսփոխանական կարգ մը թղթածրարներ լուծելու եւ լարուածութիւնը մեղմացնելու առումով:


