«Ռոյթըրզ» կը հաղորդէ, որ Պարսելոնայի մէջ հազարաւոր մարդիկ փողոց դուրս եկած են` ի պաշտպանութիւն 9 նոյեմբերին տեղի ունենալիք` Քաթալոնիոյ անկախութեան շուրջ հանրաքուէին:
Ըստ աղբիւրին, շուրջ կէս միլիոն քաթալոնացիներ հինգշաբթի օր շրջանի դրօշի կարմիր-դեղին գոյներով հագուստներ հագած խաղաղ քայլարշաւ կատարած են:
«Մենք կ՛ուզենք մեր քաղաքականութեան եւ ապագային հետ առնչուած ինքնուրոյն որոշումներ կայացնել: Մենք վերադարձուցած ենք մեր գերիշխանութիւնը եւ բաւարար ներուժ ունինք, որպէսզի կարենանք ազդեցութիւն գործել իրադարձութիւններու ընթացքին վրայ», յայտարարած է «Քաթալոնիա ազգային խորհրդարան» շարժումի ղեկավար Քարմէն Ֆորքատել:


