Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մուսա Լերան Հերոսամարտի 99-Ամեակի Ժողովրդային Տօնախմբութիւն

September 15, 2014
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

0914_khach3Շաբաթ, 13 սեպտեմբեր 2014-ի երեկոյեան ժամը 9:00-ին, հայրենակիցներու հոծ բազմութիւն մը` հետեւելով ՀՄԸՄ Այնճարի շեփորախումբին,  ուղղուեցաւ դէպի Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ շրջափակ, ուր տեղի ունեցաւ Մուսա լերան հերոսամարտի 99-ամեակի պաշտօնական տօնակատարութիւնը` կազմակերպութեամբ Մուսա լերան հերոսամարտի 100-ամեակի մարմինին եւ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական-քարոզչական յանձնախումբին:

Ձեռնարկը ընթացք առաւ Լիբանանի, Հայաստանի եւ Մուսա լերան քայլերգներով` կատարողութեամբ ՀՄԸՄ Այնճարի շեփորախումբին (ղեկավար` Պօղոս Քենտիրճեան), ապա տօնակատարութեան բացման խօսքը արտասանեց եւ ձեռնարկին հանդիսավարութիւնը կատարեց Նարէ Հաւաթեան:

Նարէ Հաւաթեան ըսաւ, թէ մուսալեռցիք չխաբուեցան եւ չզիջեցան թշնամիին, որովհետեւ անոնք քաջ, արթուն եւ միասնակամ էին, անոնք պայքարեցան առանց դաւանական եւ կուսակցական խտրականութեան: Ան շարունակեց ըսելով, որ այդ նոյն հերոսական ոգիով անոնք շարունակեցին ապրիլ իբրեւ ամբողջական հայ, պահեցին եւ պահպանեցին այս գիւղը եւ միասնաբար բոլորին կ՛ըսեն. «Մենք լեռն ենք տակաւին, թող ետ գայ թշնամին»:

ՀՄԸՄ Այնճարի շեփորախումբը ներկայացուց փունջ մը ազգային երգեր, որմէ ետք երգիչ Գօգօ Թիւթիւնճեան հանդէս եկաւ ազգային-յեղափոխական երգերով` ընկերակցութեամբ երգեհոնահար Յովիկ Ատուրեանի:

«Սասունցիների պարը» տպաւորիչ ասմունքը  ներկայացուց Նազօ Փոլատեան:

Տոքթ. Յովհաննէս Թասլաքեան
Տոքթ. Յովհաննէս Թասլաքեան

Օրուան պատգամախօս տոքթ. Յովհաննէս Թասլաքեան ըսաւ, որ պատմութիւնը արդիւնք է մարդուն եւ անոր մտքին, կամքին, ձգտումին, խռովքին եւ երազին ներգործութեան, որով կը պայմանաւորուին ժողովուրդներու եւ հաւաքականութիւններու կեանքն ու անոր հունը:

Ան ըսաւ, որ պատմութիւնը վկայ է, թէ հայ ազգը կամքի զօրութեամբ եւ միասնակամութեամբ կրցաւ անցընել, շրջել  եւ վերականգնել անկումային ընթացքը, ուր հասած էր  14-րդ դարէն 20-րդ դարերուն  ընթացքին:

Տոքթ. Թասլաքեան վեր առաւ Մուսա լերան ժողովուրդի սխրանքի կարեւորութիւնը 1915 թուականին, ինչ որ իրագործուեցաւ ժողովուրդի քաջութեան, միասնականութեան եւ առողջ բնազդի գոյութեամբ: Հերոսական դիմադրութիւն մը, որմէ ներշնչուեցան ուրիշ ազգեր համաշխարհային 2-րդ պատերազմին ընթացքին, մանաւանդ երբ այս պատմական դէպքը ստացաւ համաշխարհային ծանօթութիւն Ֆրանց Վերֆելի «Մուսա լերան 40 օրը» դիւցազնավէպով, որ թարգմանուեցաւ աւելի քան 50 լեզուներու:

Ան իր խօսքը աւարտեց խորհրդածութեամբ մը, ուր Այնճար հայաւանը նմանցուց  կորիզի մը, որ ունի ձգողութեան ուժ` իր շուրջ պահելու եւ համախմբելու համայն հայութիւնը:

Ձեռնարկը շարունակուեցաւ ազգային-յեղափոխական երգերով` երգիչ Գօգօ Թիւթիւնճեանի կատարողութեամբ:

Տօնակատարութիւնը աւարտեցաւ Մուսա լերան աւանդական շուրջպարերով` Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ: Մուսա լերան աւանդական պարեղանակները դհոլ-զուռնայով կատարեցին Ասօ Մախուլեան, Վաչէ Քենտիրճեան եւ Պօղոս Քենտիրճեան:

Ս. Պատարագ, Հոգեհանգստեան Արարողութիւն,
Մատաղի Օրհնութիւն Եւ Բաշխում

0914_khachՄուսա լերան հերոսամարտի 99-ամեակի տօնակատարութիւններուն աւարտին` կիրակի, 14 սեպտեմբեր 2014-ի առաւօտեան, Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ պատարագեց եւ քարոզեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան:

Առաջնորդ սրբազանը իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ Խաչվերացին եւ Մուսա լերան հերոսամարտի տարեդարձին` զոյգ առիթները  նկատելով կարեւոր, անկիւնադարձային եւ օրինակելի մեր ժողովուրդին համար:

Սրբազանը անդրադարձաւ Քրիստոսի խաչափայտին համար մղուած պատերազմին` զայն վերադարձնելու համար գերութենէ, պատերազմը, որուն իր մասնակցութիւնը բերած է նաեւ հայկական այրուձին: Գերութենէ վերադարձին խաչափայտը ժողովրդային դիմաւորումի արժանացած է նաեւ Հայաստանի մէջ, եւ Խաչվերացի տօնը խաչին եւ խաչեալին հաւատարմութեան տօնն է, որ կը հզօրացնէ հաւատացեալները աստուածային հաւատքով:

Սրբազանը անդրադառնալով Մուսա լերան հերոսամարտին յայտնեց, որ «մուսալեռցիները հաւատացին իրենց կամքի ուժին եւ նախընտրեցին արժանապատիւ նահատակութիւնը` փոխան սոսկական չարչարանքն ու մահը: Անոնք լեռ բարձրացան հայու արժանապատուութիւնը բարձր պահելով եւ պայքարեցան ու Աստուծոյ օգնութեամբ փրկուեցան: Այսօրուան արդի նահանջող պայմաններուն մէջ կարեւոր է, որ մեր ժողովուրդը պահէ խաչին նկատմամբ իր հաւատքը եւ շարունակէ մուսալեռցիներուն պայքարը, առանց տկարանալու, ի խնդիր մեր ժողովուրդի գոյատեւումին»:

Պատարագի աւարտին ներկաները ուղղուեցան դէպի Մուսա լերան յուշարձան-համալիր, ուր տեղի ունեցաւ Մուսա լերան նահատակներու հոգեհանգստեան արարողութիւն: Ապա սրբազան հայրը, Վարուժան արք. Հերկելեան, Արսէն Ա. քհնյ. Քէշիշեան եւ Աշոտ Ա.  քհնյ. Գարագաշեան միասնաբար կատարեցին մատաղի օրհնութիւնը:

Այնուհետեւ օրհնուած մատաղը բաշխուեցաւ հաւատացեալ ժողովուրդի զաւակներուն, որոնք վերադարձան իրենց տուները` վերանորոգուած եւ ներշնչուած Մուսա լերան նահատակներուն հերոսական ոգիով:

Յայտնենք, որ շաբաթավերջին «Գ. Կիւլպենկեան» սրահին մէջ բաց մնաց այնճարցի 7 արուեստագէտներու ցուցահանդէսը, զոր այցելեցին մեծաթիւ ուխտաւորներ:

Նախորդը

«Առասպել Է, Որ Մեր Արխիւները Փակ Կը Պահենք» «Ազդակ»-ին Ըսաւ Երուանդ Փամպուքեան

Յաջորդը

Թուրք-Ազրպէյճանական Կազի Խողովակաշարին Շինարարութիւնը Պիտի Սկսի 2015-ին

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.