Կարեւոր Ֆոնտ Մը
Հայ Կրթական Հիմնարկութեան
Եօթանասուն Հազար Տոլար Փոխանցուած Է,
Կտակարարներու Մահէն Ետք Իրենց Մնացած
Հարստութիւնն Ալ Պիտի Աւելնայ Ֆոնտին Վրայ
Քալիֆորնիոյ Հայ կրթական հիմնարկութեան քարտուղարութիւնը մամուլին յանձնած է հետեւեալ հաղորդագրութիւնը.-
Այս ֆոնտը մեծագոյն ֆոնտն է տիկին Սոֆիա Յակոբեանի 260,000 տոլարի նուիրատուութենէն ետք, զոր կը ստանայ Հայ կրթական հիմնարկութիւնը:
Տէր եւ տիկին Պօղոս Տէր Պետրոսեաններ արդէն վերոյիշեալ ֆոնտին անվերակոչելիօրէն փոխանցած են մօտ 70,000 տոլար արժողութեամբ բաժնեթուղթեր:
Կտակարարներու անցնումէն ետք, իրենց բովանդակ նիւթական հարստութիւնը պիտի աւելնայ Հրատ Վան Տէր Պետրոսեան ֆոնտին վրայ եւ Հայ կրթական հիմնարկութիւնը պիտի ըլլայ միակ մատակարարը:
Այս ֆոնտը անձեռնմխելի է: Միայն եկամուտին 75 առ հարիւրը պիտի գործածուի կրթական նպատակներու, մնացեալ 25 առ հարիւրը միշտ պիտի բարդուի մայր գումարին վրայ, որ շատ պատկառելի գումար մըն է:
Հայ կրթական հիմնարկութեան Կեդրոնական վարչութիւնը իր փետրուար 19, 1964-ի նիստին միաձայնութեամբ ցմահ պատուոյ անդամ հռչակեց Պօղոս եւ Եղիսաբէթ Տէր Պետրոսեանները:
Եւ այս առիթով, կրկին անգամ եւ հրապարակային կերպով, մեր խորին երախտագիտութիւնը եւ շնորհակալութիւնը կը յայտնենք ազնիւ եւ ազգանուէր բարերարներուն` այն վստահ յոյսով, որ ուրիշներ պիտի հետեւին անոնց զմայլելի օրինակին: Արդէն ուրիշներուն օրինակ եւ մղում ծառայեցնելու համար է, որ կրցանք բարերարներուն հաւանութիւնը ստանալ` հրապարակելու իրենց այս մեծակշիռ որոշումը:
Հրատ Վան Տէր Պետրոսեան Ֆոնտ
Այս կարեւոր ֆոնտը կը կոչուի «Հրատ Վան Տէր Պետրոսեան ֆոնտ»` անունովը երիտասարդ Հրատին, որ 21 տարեկան ծաղիկ հասակին զոհ գացած է ինքնաշարժի արկածի մը, Ամերիկայի մէջ:
Կրթական Հիմնարկութեան քարտուղար Բ. Կռանեան հետեւեալ կենսագրական տողերը կը գրէ հանգուցեալին մասին.-
Հրատ Վան Տէր Պետրոսեան ծնած էր մարտ 15, 1916, Պոսթըն: Իր նախնական կրթութիւնը ստացաւ իր ծննդավայրին մէջ եւ շարունակելով իր ուսումը երկրորդական եւ բարձրագոյն հաստատութիւններու մէջ` 1933-ին շրջանաւարտ եղաւ Պոսթընի Լատին վարժարանէն` փայլուն արդիւնքներով:
Ուսանողութեան շրջանին եղաւ սիրուած ընկեր մը եւ գործօն աշակերտ: Սկաուտ էր եւ բարձրացաւ մինչեւ Իկլ սկաուտի աստիճանը: Եղաւ նախագահը Սըր Կելահատ եղբայրակցութեան, նաեւ` վարժարանի պաշտօնաթերթի գեղարուեստական խմբագիր: Արժանացաւ Ճորճ Ճէյ. Ուեստ մետալի, որ կը տրուէր յառաջագոյն աշակերտի: Ստացաւ բազմաթիւ այլ կարգի շքանշաններ եւ վկայականներ:
Ժամանակ մը պաշտօնավարեց Պոսթընի Հանրային մատենադարանին մէջ. իր մահէն ետք հայրը անոր հազուագիւտ գիրքերը նուիրեց նոյն այդ գրադարանին, ուր դասաւորուած են Հրատ Վան Տէր Պետրոսեան յիշատակի գրադարան անուան տակ:
Բարձրագոյն վարժարանէն շրջանաւարտ ըլլալէ ետք Հրատ մտաւ, որպէս պաշտօնեայ, շոգենաւային այն ընկերութեան մօտ, ուր հայրը անցեալին ծառայած էր:
Օժտուած փայլուն իմացականութեամբ, կեանքով եւ խոստումներով լեցուն, արտակարգօրէն համակրելի էր:
Ահա այս կենսալիր, խոստմնալից եւ շնորհալի երիտասարդը 1935-ի դեկտեմբեր 3-ին մեկնեցաւ սովորականին պէս տունէն եւ երեկոյեան տուն չվերադարձաւ: Զոհ գացած էր ինքնաշարժի արկածի մը: 21 տարեկան էր: Այս եղերական եւ անսպասելի մահը խորտակեց իր ծնողներուն սիրտը անդարմանելիօրէն եւ անմխիթար կերպով:
Ծնողական այս մեծ սիրոյն եւ իրենց ազգի հանդէպ իրենց տածած անսահման նուիրումին ի խնդիր Պօղոս եւ Եղիսաբէթ Տէր Պետրոսեանները հաստատեցին Հրատ Վան Տէր Պետրոսեան յիշատակի ֆոնտը, որպէսզի անկէ օգտուին ուրիշ հայ ուսանողներ` կատարելագործելու իրենց ուսումը եւ զարգացնելու իրենց ընդունակութիւններն ու շնորհները ի սպաս իրենց դարաւոր եւ ազնուական ժողովուրդին, բան մը, որու ճամբուն, իր երազին մէջ կիսաւարտ, մեռաւ երիտասարդ Հրատ Վան Տէր Պետրոսեանը:
Սիլվի Վարդանի
Ձայնը Վտանգի Տակ
«Տկար Կողմս Կոկորդս Է»
Ըսած Է Ֆրանսահայ Երգչուհին
– Եթէ շարունակէ բռնանալ իր ձայնին վրայ, օր մը Սիլվի Վարդան վերջնականապէս պիտի դադրի երգելէ:
Վերոյիշեալ յայտարարութիւնը ըրած է Սիլվիին հայրը` Ժորժ Վարդան, երբ Ճոնի Հոլիտէի այցելութեան գացած էր:
Սիլվի կը հանգստանայ այժմ` յետաձգելով ամառուան իր երգի շրջապտոյտը:
Օգոստոս 12-ին Սեն Մալոյի բեմին վրայ իր կոկորդէն ելաւ խռպոտ եւ աններդաշնակ ձայն մը: Խռչափողի մասնագէտ բժիշկ մը հաստատեց, որ ձայնական լարերը ուռած էին: Ու չորս օր հանգիստ յանձնարարեց հայազգի երգչուհիին:
– Այսօր Սիլվին ձայն չունի, աւելցուցած է Ժ. Վարդան,- բայց քորթիզոն եւ քորթանսիլի դեղահատերով պիտի վերստանայ իր ձայնը եւ կիրակի օր պիտի սկսի երգել Հիէրի մէջ: Պէտք չէ սակայն բռնանալ իր ձայնին, այլապէս ամբողջովին կորսնցնելու վտանգին կ՛ենթարկուի: Միշտ տկար եղած է իր կոկորդը եւ իր վարած կեանքն ալ շատ կը յոգնեցնէ զինք: Անցեալ տարի, երբ 53 օր շրջապտոյտի ելաւ, ութ քիլօ կորսնցուց: Հաւրի մէջ, օր մը, 40 աստիճան ջերմութեամբ երգեց բեմի վրայ: Ու երբ վարագոյրը գոցուեցաւ, քուլիսներուն մէջ գետին ինկաւ նուաղած: 1963 օգոստոս 29-ին բժիշկը ամիս մը բացարձակ հանգիստ յանձնարարեց: Մայիս ամսուն, երբ Ժան Մարէի հետ կը դարձնէր «Փաթաթ» ժապաւէնը, զօրաւոր փողացաւէ մը բռնուեցաւ: Նիւ Եորք պիտի երթար այդ միջոցին, բայց ստիպուեցաւ յետաձգել իր մեկնումը:
– Տկար կողմս կոկորդս է,- խոստովանած է Սիլվի Վարդան:
