Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պասքական Կիփուզքոա Մարզը Ճանչցած Է Արցախի Անկախութիւնը

September 13, 2014
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

BxPheQOCIAIk7Qs«Սիվիլնեթ» կը հաղորդէ, որ «Հայաստանի եւրոպացի բարեկամներ» կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեան մեկնած է Պասքերու երկիր, ուր շարք մը հանդիպումներ ունեցած է շրջանի բարձրաստիճան պաշտօնատարներուն հետ:

«Հայաստանի եւրոպացի բարեկամներ»-ու մամլոյ ծառայութենէն կը հաղորդեն, որ Սան Սեպասթիանի մէջ նախարարը հանդիպում ունեցած է Կիփուզքոա մարզի նախագահ Մարթին Կարիթանոյի հետ` քննարկելու Լեռնային Ղարաբաղի եւ Պասքերու երկրին միջեւ հետագայ համագործակցութիւնը: Հանդիպումին ընթացքին Կիփուզքոայի կառավարութեան անունէն Կիփուզքոայի նախագահ Մարթին Կարիթանոն ճանչցած է Լեռնային Ղարաբաղը:

«Այս ժողովուրդի տառապանքին պէտք է վերջ դրուի, որովհետեւ անոնք արժանի են ազատ եւ անկախ երկիր ունենալու, որ պիտի երաշխաւորէ ապագայ պետականութեան եւ լեզուի ու մշակոյթի լիակատար պահպանումը», նշած է Կարիթանոն:

Կարէն Միրզոյեանը հանդիպում ունեցած է նաեւ Կիփուզքոայի կառավարութեան մարդու իրաւունքներու եւ միջազգային համագործակցութեան կառոյցներու հետ, զրուցած է ջրելեկտրակայանի ճարտարապետական ընկերութեան եւ գիւղատնտեսական կազմակերպութեան ներկայացուցիչներու հետ:

Կիփուզքոա մարզը Պասքերու երկրին երեք մարզերէն մէկն է, որուն մայրաքաղաքը Սան Սեպասթիանն է: Ըլլալով Սպանիոյ ամէնէն փոքր մարզը, Կիփուզքոան ունի աւելի քան 700 հազար բնակիչ(պասքերու բնակչութեան մէկ երրորդը): Մարզի տնտեսութիւնը հիմնուած է երեք մարզերու` առեւտուրի, մետաղագործութեան եւ զբօսաշրջութեան վրայ: Կիփուզքոան արձանագրած է տարեկան շուրջ 32 հազար եւրոյի մէկ շունչի ինկող համախառն ներքին արտադրութիւն, ինչ որ 28 առ հարիւրով աւելի բարձր է Եւրոպական Միութեան ընդհանուր ցուցանիշէն:

Ասիկա առաջին անգամն է, որ Արցախը ճանաչում կը ստանայ եւրոպական ենթապետական մակարդակով` Աւստրալիոյ Նիւ Սաութ Ուէյլզ եւ Միացեալ Նահանգներու շարք մը նահանգներէ ետք:

 

Նախորդը

Վարդանեան. «Ծառուկեան Իր Հարցազրոյցին Մէջ Բոլորովին Նոր Բան Ըսաւ»

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Իբրեւ Պատրիարքներու Բանբեր Նախագահ Օպամային Պարզեց Միջին Արեւելքի Քրիստոնեաներուն Մտահոգութիւնները

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.