
Վատիկան պաշտօնապէս հաստատած է Ֆրանչիսկոս պապի Թուրքիա կատարելիք այցելութիւնը: «Արմէնփրես»` վկայակոչելով թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը, կը հաղորդէ, որ պապը Թուրքիա պիտի գտնուի 29-30 նոյեմբերին: Ան նախ պիտի այցելէ Անգարա, ապա Պոլիս:
Ֆրանչիսկոս պապի այցելութիւնը տեղի պիտի ունենայ Պոլսոյ յունաց տիեզերական պատրիարք Բարթողիմէոսի հրաւէրով: Երկու հոգեւոր պետերը 30 նոյեմբերին միասնաբար պիտի մասնակցին պատարագին:
Կաթողիկէներու հոգեւոր պետ Ֆրանչիսկոս քահանայապետը պիտի ըլլայ չորրորդ պապը, որ կ՛այցելէ Թուրքիա:


