Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մուսա Լերան Հերոսամարտի 99-Ամեակի Տօնակատարութիւններ. Մուսա Լերան Տոհմիկ Երեկոյ

September 13, 2014
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

0912MousaLerԿազմակերպութեամբ Այնճարի ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղին, երէկ` ուրբաթ, 12 սեպտեմբեր 2014-ի երեկոյեան ժամը 8:00-էն սկսեալ, Այնճարի «Սարգիս Զէյթլեան» ժողովրդային տան շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ Մուսա լերան տոհմիկ երեկոյ, որուն ներկայ էին աւելի քան 1000 հայրենակիցներ:

Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց մասնաճիւղի ատենապետ Ցողիկ Հաւաթեան, որ իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Աւանդութիւն դարձած այս երեկոն «տոհմիկ» անուան տակ պիտի մնայ յուշարարը մեր բոլոր աւանդութիւններուն, ըլլան անոնք ճաշատեսակներ թէ տարբեր բնոյթի մշակութային ելոյթներ»: Ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան եւ բոլոր բարերարներուն, որոնք սատար հանդիսացան այս ձեռնարկին յաջողութեան:

Երեկոն հանդիսավարեցին Յակոբ Այնթապլեան եւ  Լալիկ Խօշեան: Անոնք վեր առնին  ԼՕԽ-ի գործունէութիւնը, որ իր կամաւոր աշխատակազմով մեր ազգային կեանքին մէջ իր կենսունակ գործունէութեամբ ստեղծած է ծառայութիւն մատուցելու հիասքանչ առօրեայ մը, ուր ինքնահոս ու հեզասահ կերպով կեանքի կը վերածուին հսկայ ծրագիրներ:

Երգիչներ Սիվա Քեչեճեան, Յովիկ Թաֆրանեան եւ Նշան Վարդանեան ազգագրական, աշուղական  եւ ժողովրդային երգերով ճոխացուցին երեկոն:

0912MousaLer2Ելոյթ ունեցաւ Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպենկեան երկրորդական վարժարանի պարախումբը` պարուսոյց ունենալով Ժիրայր Քեչեճեանը:

Փոքրիկներ Աշոտ Գարագաշեան եւ Լիւսի Հերկելեան ներկայացուցին զաւեշտական երգ մը` ամուսնոյն եւ կնկան վէճը Մուսա լերան բարբառով:

Քեսապի բարբառով  աշուղական երգեր ներկայացուց Աշուղ Ժիրայր (Ժիրայր Թռթռեան):

Այնուհետեւ Մարիա Աբէլեան, Նազանի Ադամեան եւ Մարիա Գալինճեան ներկայացուցին ազգային հայրենասիրական երգեր:

0912MousaLer3Ձեռնարկին ընթացքին ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի անդամները վաճառեցին Այնճարի աւանդական ճաշատեսակներ եւ անուշեղէններ:

Երեկոն շարունակուեցաւ աւանդական ճոխ մթնոլորտի մէջ, Մուսա լերան թմբուկ-զուռնայով, որուն ժողովուրդը մասնակցեցաւ ազգագրական պարերով` խանդավառութիւնը հասցնելով իր գագաթնակէտին:

Ձեռնարկին ընթացքին կատարուեցան նուիրատուութիւններ մասնաճիւղի դարմանատան վերանորոգութեան համար:

Ձեռնարկին ներկայ էին գիւղի հոգեւոր պետերը, ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէն, միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ մեծ թիւով հայրենակիցներ:

 

 

Նախորդը

Լիբանանեան Ֆութպոլ. ՀՄԸՄ- Ռասինկ Պէյրութ Բարեկամական Մրցումը Վերջ Գտաւ 1-1 Հաւասարութեամբ

Յաջորդը

Անդրադարձ. Յունական Օրէնքին Իւրայատկութիւնը

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.