Լիբանանի Ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 2014-2015 տարեշրջանին նախօրեակին տեղի ունեցող բարեկամական մրցումներուն ընթացքին ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը իր բարեկամական մրցումը կատարեց Ա. դասակարգին մաս կազմող Ռասինկ Պէյրութի դէմ` Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ:
Խաղը աւարտեցաւ 1-1 հաւասարութեամբ: Խաղին առաջին վայրկեաններուն: ՀՄԸՄ-ի կոլը նշանակեց Մամաս Քեհէեան, սակայն Ռասինկ խաղի աւարտին կրցաւ կոլ մը նշանակել եւ հաւասարեցնել խաղին արդիւնքը:
Յիշեցնենք, որ Լիբանանի Ֆութպոլի երիտասարդներու ախոյեանութեան 5-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, կիրակի, 14 սեպտեմբերին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Սաֆայի դաշտին վրայ ՀՄԸՄ երիտասարդներու ֆութպոլի խումբը պիտի մրցի Ախա Ահլի Ալէյի դէմ:
Համակիրները կրնան դաշտ ներկայանալ քաջալերելու համար մեր երիտասարդ խաղցողները:


