
ՌԷալ Մատրիտի գլխաւոր մարզիչ` Քարլօ Անչելոթթի յայտարարեց, թէ ինչո՛ւ խումբի նախկին բերդապահ սպանացի Տիեկօ Լոփեզը տեղափոխուեցաւ Իտալիա եւ միացաւ Ա. Սէ. Միլանի:
Ան ըսաւ, որ հիմնական պատճառը այն էր, որ Լոփեզ կ՛ուզէր կայուն ձեւով բոլոր խաղերուն մասնակցիլ եւ այդ մէկը կարելի պիտի ըլլար Միլանի պարագային, որովհետեւ մրցակցութիւնը բաւական թեթեւ է: Սակայն Ռէալի պարագային ան անգամ մը եւս մեծ մրցակցութեան պիտի մտնէր Քասիասի եւ Քէյլոր Նաւասի հետ:
Անչելոթթի իր խօսքը աւարտեց ըսելով, որ Լոփեզ փորձառու ու շատ փայլուն բերդապահ մըն է եւ ան յամառօրէն կ՛աշխատի ու կը նուիրուի խումբին, սակայն ան կայունութիւնը նախընտրեց եւ լքեց խումբը:


