
Ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմեն ակումբի յառաջապահ շուէտացի Զլաթան Իպրահիմովիչի նոր ինքնակենսագրական գիրքը լոյս պիտի տեսնէ մօտիկ ապագային: Այս գիրքը պիտի ըլլայ անոր ինքնակենսագրութեան երկրորդ հատորը (առաջինը լոյս տեսած է 2012 թուականին):
Իպրահիմովիչ ըսած է, թէ իր առաջին գիրքով շատ բան կրցած է փոխանցել ժողովուրդին եւ տակաւին շատ պատմութիւններ ու դրուագներ ունի, որոնք պէտք է հասանելի ըլլան ժողովուրդին:
Նշենք, որ այս գիրքին մէջ պիտի խօսուի մասնաւորաբար իտալական յառաջատար ակումբներու (Եուվենթուս, Ինթեր Միլան եւ Ա. Սէ. Միլան) հետ իր մասնակցութիւնը բերած տարիներուն մասին եւ նաեւ Փարիզ Սեն Ժերմենի օրերէն դրուագներ, եւ անշուշտ մաս մը տրամադրուած պիտի ըլլայ ազգային խումբին հետ կապուած նիւթերու:


