Աւստրալիոյ Նիւ Սաութ Ուէյլզ նահանգի օրէնսդիր խորհուրդը 10 սեպտեմբերին ընդունեց Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան եւ Հայաստանի դէմ Ազրպէյճանի նախայարձակումը դատապարտող յայտարարութիւն մը:
Ըստ Աւստրալիոյ Հայ դատի յանձնախումբի կայքին, նախաձեռնութեան հեղինակն է քոնկրեսական Ֆրետ Նայլ:
Միջազգային հանրութիւնը կը շարունակէ դատապարտել Ազրպէյճանի գործողութիւնները, որ վերջերս նորէն նախայարձակում սանձազերծած էր Հայաստանի եւ Արցախի դէմ, իսկ նախագահ Իլհամ Ալիեւ լայն ժողովրդականութիւն վայելող «Թուիթըր» ընկերային ցանցին միջոցով պատերազմ յայտարարած էր:
Այդ առնչութեամբ, Աւստրալիոյ Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Վաչէ Ղահրամանեան սերտօրէն աշխատած է Նիւ Սաութ Ուէյլզի խորհրդարանի անդամներուն հետ` անոնց ներկայացնելով Հարաւային Կովկասի մէջ տեղի ունեցող վերջին զարգացումները եւ լարուածութեան վտանգաւոր սրումը Ազրպէյճանի կողմէ:
Այս յայտարարութեան ընդունումով Նիւ Սաութ Ուէյլզի խորհրդարանը անգամ մը եւս վերահաստատեց իր սկզբունքային դիրքորոշումը Լեռնային Ղարաբաղի հարցին վերաբերեալ: Աւստրալիոյ մեծագոյն նահանգը հոկտեմբեր 2012-ին ճանչցաւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը եւ Արցախի ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքը:


