Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մուսա Լերան Հերոսամարտի 99-Ամեակի Ձեռնարկներուն Ծիրին Մէջ. «Պօղոս Սնապեան» Հատորի Գինեձօն

September 12, 2014
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

0911_boghosԿազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական-քարոզչական յանձնախումբին, երէկ` հինգշաբթի, 11 սեպտեմբեր 2014-ին, Այնճարի «Սարգիս Զէյթլեան» ժողովրդային տան մէջ տեղի ունեցաւ շնորհահանդէսը Կարօ Յովհաննէսեանի «Պօղոս Սնապեան» խորագրեալ գիրքին` լոյս տեսած Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատունէն:

Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Յովհաննէս Խոշեան, որ յայտնեց, թէ Պ. Սնապեան հայոց գրականութիւնը վերածեց ապրումի, ապրեցաւ գրականութեամբ եւ ապրեցուց զայն: Ան աւելցուց, որ Սնապեանի կեանքը եղաւ ալեկոծումներու եւ ճշմարտութիւնները երեւան հանելու հսկայ կիրք մը: Իսկ թէ «ո՞վ պիտի շարունակէ անոր գործը» հարցումը կը մնայ անպատասխան: Այս առիթով Խոշեան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնց գիրքին մեկենասներուն` տէր եւ տիկին Յակոբ եւ Սօսի Չիլինկիրեաններուն:

Թամար Սնապեան-Սուրճեան
Թամար Սնապեան-Սուրճեան
Կարօ Յովհաննէսեան
Կարօ Յովհաննէսեան

Գեղարուեստական կոկիկ յայտագիրէն ետք բեմ բարձրացաւ «Պօղոս Սնապեան» խորագրեալ գիրքի հեղինակ Կարօ Յովհաննէսեան:

Իր խօսքի առաջին բաժինով հեղինակը յայտնեց, որ գիրքին պատրաստութիւնը 2 հանգրուան ունեցած է, առաջին հանգրուանը նոյնինքն Պօղոս Սնապեանի ողջութեան կը զուգադիպի, իսկ երկրորդը` մահէն ետք:

«Գիրքը կը կոչուի «Պօղոս Սնապեան», բայց անիկա հեռու է Պօղոս Սնապեանի մասին մենագրութիւն ըլլալէ, այս գիրքը պարզապէս ներկայացումն է իր գործերուն եւ մտածումներուն», յայտնեց գիրքին հեղինակը:

Իր խօսքին մէջ Յովհաննէսեան յայտնեց, որ այս հատորը պիտի կատարէ ուղեցոյցի դեր յատկապէս պատրաստուած ցանկերով. այնուհետեւ ան թուեց Պօղոս Սնապեանի հրատարակած, խմբագրած գործերը` նշելով, որ այս հրատարակութեամբ ան մասամբ հանդարտեցուց իր ներքին խռովքը` խոստանալով շարունակել ընթերցել եւ հրատարակել Պ. Սնապեանը:

0911_boghos1Խօսելով Սնապեան գրաքննադատին մասին` Յովհաննէսեան ըսաւ. «Սնապեան եղաւ վերջին կէս դարու սփիւռքահայ գրաքննադատութեան կեդրոնական դէմքը, ան մեծ թափով շարունակեց այն աւանդը, որ արեւմտահայ գրականութեան մէջ սկսած էր Արփիարեանով եւ շարունակուած էր Արտաշէս Յարութիւնեանի, Օշականի եւ Անդրանիկ Ծառուկեանի կողմէ:

Պօղոս Սնապեան իրեն յատուկ ուսումնասիրական ոճով իր քննադատութիւններուն տուած է գեղարուեստական բնոյթ, գրաքննադատութեան մէջ եղած է խիստ, երեւոյթներ մերկացնող»:

Կարօ Յովհաննէսեանի խօսքէն ետք տեղի ունեցաւ գիրքի գինեձօնը` հոգեւոր հայրերու աղօթքով եւ աւանդական գինիի սրսկումով, ապա խօսք առաւ հանգուցեալ գրագէտին դուստրը` Թամար Սնապեան-Սուրճեան: Ան իր յուզմունքը յայտնեց հօր բացակայութեան համար` աւելցնելով, որ ինք անձնապէս պէտք էր ներկայ ըլլար եւ հրճուէր այս ալպոմի հրատարակութեամբ, ինչպէս ինք յաճախ կը կրկնէր խօսելով գիրքին մասին:

Սնապեանի դուստրը նշեց, որ յաճախ, երբ հօրը հարց կու տային, թէ ինչո՞ւ չի պատասխաներ զինք բամբասողներուն, իր դէմ յօդուած գրողներուն, ան կ՛ըսէր` «Իմ գործերս կը բաւեն ինծի, ասոնք են իմ պաշտպաններս», իսկ այս հատորը կու գայ անմահացնելու անոր գործը, անձը եւ էութիւնը:

Իր խօսքի աւարտին Թամար Սնապեան-Սուրճեան շնորհակալութիւն յայտնեց գիրքին հեղինակ Կարօ Յովհաննէսեանին եւ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական-քարոզչական յանձնախումբին, որ կազմակերպեց այս ձեռնարկը` Մուսա լերան հերոսամարտի 99-ամեակի տօնակատարութիւններու օրերուն, Այնճարի մէջ, որ եղաւ Պօղոս Սնապեանի վերջին կայարանը: Ան իր խօսքը փակեց ըսելով.

«Հանգիստ ննջէ, սիրելի՛ հայր, որովհետեւ ունիս հայ գիրն ու գրականութիւնը պաշտող, հայ գիրն ու գրականութիւնը կարդացող ու տարածող անձինք նուիրեալք»:

Ձեռնարկի աւարտին ներկաները ստացան «Պօղոս Սնապեան» եւ հանգուցեալ գրականագէտին հրատարակած այլ գիրքերէն օրինակներ:

Նախորդը

Այնճարցի Երիտասարդ Արուեստագէտներու Ցուցահանդէս

Յաջորդը

«Իպոլա Ժահրը Կրնայ Լիպերիան Ջնջել Երկրի Երեսէն» Կ՛ըսէ Լիպերիոյ Պաշտպանութեան Նախարարը

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.