
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ Սպարտակ Մոսկուայի յառաջապահ Եուրա Մովսիսեան շուտով կը վերադառնայ խաղադաշտ: Այս լուրը հաղորդեց իր ակումբի պաշտօնական կայքը:
Ան իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ 27 սեպտեմբերին տեղի ունենալիք Ռուսիոյ ախոյեանութեան 9-րդ հանգրուանի մրցումին, որ իրարու դէմ պիտի հանէ իր խումբը` Սպարտակը եւ Զենիթ Փեթերսպուրկը, Ս. Փեթերսպուրկի մէջ:
Եուրա Մովսիսեան վերջին երեք ամիսներուն խումբին հետ փորձեր չէ կատարած ծունկի վնասուածքի պատճառով, սակայն ան սկսած է անհատական փորձեր կատարելու եւ մինչեւ Զենիթի դէմ խաղը ան արդէն իսկ սկսած կ՛ըլլայ մարզուելու մնացեալ մարզիկներուն հետ:
Նշենք, որ եթէ ամէն բան հեզասահ ընթանայ իր առողջութեան հարցով, ան պատրաստ կ՛ըլլայ նաեւ 11 հոկտեմբերին իր մասնակցութիւնը բերելու Սերպիոյ դէմ Հայաստանի ճակատումին` Եուրօ 2016-ի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ:


