
Խրուաթ Մարին Չիլիչ երէկ դարձաւ «Եու.Էս.Օփըն» 2014-ի ախոյեան: Ան աւարտական խաղին պարտութեան մատնեց ճափոնցի Քէյ Նիշիքորին 6-3, 6-3, 6-3 ջախջախիչ արդիւնքով մը. մրցումը տեւեց միայն 1 ժամ 54 վայրկեան:
2002 թուականէն ի վեր, Չիլիչ դարձաւ առաջին թենիսմենը, որ կը շահի այս կրան շլեմի մրցաշարքը` դուրս ըլլալով ընդհանուր դասաւորման լաւագոյն տասնէն: Վերջին անգամ ամերիկացի Փիթ Սամփրասն էր, որ յաղթեց, երբ աշխարհի դասաւորման մէջ 17-րդ դիրքին վրայ կը գտնուէր:
Այս յաղթանակով Չիլիչ գրաւեց ընդհանուր դասաւորման 9-րդ դիրքը, սակայն Նիշիքորի իր կարգին գրաւեց 8-րդ դիրքը, եւ այս մէկը իր արհեստավարժ կեանքին մէջ լաւագոյնն էր:


