«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ հրապարակուած է Մալեզիական օդանաւային ընկերութեան` Ուքրանիոյ տարածքին մէջ 17 յուլիսին ջախջախուած «Պոյինկ 777» տիպի օդանաւին վերաբերեալ փորձագէտներու զեկուցումը:
Ըստ նախնական տուեալներուն, օդանաւը թռիչքի ժամանակ օդին մէջ կտոր-կտոր եղած է: Կը նշուի, որ օդանաւը հարուած ստացած է «մեծ արագութիւն ունեցող բազմաթիւ առարկաներու կողմէ»:
Հոլանտացի փորձագէտներու պնդումով` չկայ որեւէ տուեալ, որ «Էմ.Էյչ.7»-ի ջախջախման պատճառ եղած ըլլան անձնակազմի գործողութիւնները: Յայտնի է նաեւ, որ ջախջախումէն առաջ օդանաւը իր ուղիէն շեղած է:
17 յուլիսին ջախջախուած օդանաւը պատճառ դարձած էր 298 մարդոց մահուան, որոնց երկու երրորդը հոլանտացիներ եղած են:


