Երէկ երեկոյեան Արսալի բարձունքներուն վրայ եւ Ուատի Ռահիանի ու Ռահուէի մէջ զինեալ բախումներ արձանագրուեցան լիբանանեան բանակին եւ Ժապհաթ Նուսրայի ու ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներուն միջեւ:
Արեւելեան լեռնաշղթային վրայ արձանագրուող բուռն բախումներուն կողքին, Լապուէն թիրախ դարձած է Արսալէն արձակուած հրթիռներու:
Հրթիռներ ինկած են նաեւ Պրիթելի եւ Հորթաալայի մէջ:
Միւս կողմէ, ճամբաներու փակումէն բացի երէկ ամբողջ օրուան ընթացքին փոխադարձ առեւանգումներ կատարուեցան:
Առեւանգումներուն «բացումը» կատարուեցաւ, երբ զինեալներ առեւանգեցին Արսալի բնակիչներ ճարտարապետ Ապտալլա Պրայտին եւ Հիւսէյն Ֆլիթին` առ ի պատասխան Ժապհաթ Նուսրայի եւ ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ լիբանանցի բանակայիններուն առեւանգումին:
Առեւանգող կողմը Պրայտիի եւ Ֆլիթի ճակատագիրը կապեց առեւանգուած զինուորականներուն ճակատագիրին:
Առեւանգողները շեշտեցին, որ առեւանգեալները լաւ վիճակի մէջ են եւ լաւ վարուելակերպի կ՛արժանանան: Անոնք բանակայիններուն առեւանգումին յանցանքով ամբաստանեցին շէյխ Մուսթաֆա Հուժէյրին եւ Արսալի քաղաքապետ Ալի Հիւժէյրին:
Երէկ երեկոյեան Իսլամ կրօնաւորներու խորհուրդը հաստատեց, որ իրենք պիտի չբանակցին ահաբեկիչներուն հետ` ստանձնելու համար Ապպաս Մըտլեժի դիակը, իսկ ՏԱՀԵՇ Մըտլեժի դիակը պիտի չյանձնէ, մինչեւ որ Լիբանանի կառավարութեան հետ բանակցութիւն կատարէ:
Պէտք է նշել, որ առեւանգուած լիբանանցի զինուորներէն Ալի Սէյիտը սպաննող զինեալին ինքնութիւնը բացայայտուած է: Ան լիբանանցի քաղաքացի Պիլալ Օմար Միքաթին է, որ ծանօթ է Ապու Հրէյրա Միքաթի անունով:
Թէեւ Ալի Սէյիտը գլխատելու ընթացքին Ապու Հրէյրա Միքաթի իր դէմքը լաթով մը փաթթած էր, սակայն անոր աչքերէն եւ նայուածքէն կարելի եղած էր բացայայտել անոր ինքնութիւնը:
Այս մասին անոր կողմէ ձայնային արձանագրութիւն մը հասած էր «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին:
Այդ արձանագրութեան մէջ Ապու Հրէյրա շեշտած էր, որ քաթարցի միջնորդները հաստատած էին, թէ իւրաքանչիւր զինուոր կարելի է փոխանակել 15 իսլամ բանտարկեալով:
Նշենք, որ Պիլալ Օմար Միքաթի 1994-ի ծնունդ է. ան սալաֆական մըն է եւ ժիհատական, որ կը ճանչնայ ՏԱՀԵՇ-ը իբրեւ պետութիւն: Ան լիբանանեան դատական իշխանութիւններուն կողմէ պահանջուած է իբրեւ հիւսիսային Լիբանանի մէջ ապահովական բախումներու մասնակցած յանցագործ, ապա ուղղուած է Սուրիա եւ մասնակցած Քալամունի ճակատամարտներուն:
Թրիփոլիի մէջ լիբանանեան բանակը Ապու Հրէյրայի բնակարանը ներխուժած է, սակայն հոն տեղի ունեցած զինեալ բախումներուն ընթացքին Ապու Հրէյրա ձեռնառումբ մը նետած է բանակին վրայ եւ կրցած փախուստ տալ:
Արսալի զինեալ բախումներուն սկսելէն երկու շաբաթ առաջ Պիլալ Օմար Միքաթի նշմարուած է հիւսիսային Լիբանանի շրջաններէն մէկուն մէջ, իսկ Արսալի դէպքերէն ետք երեւցած է առեւանգուած բանակայիններուն յատուկ տեսանիւթին եւ Ալի Սէյիտի գլխատման տեսանիւթին մէջ:
Ապու Հրէյրա Միքաթի երէկ երեկոյեան հերքեց իրեն վերագրուած Ալի Սէյիտը գլխատելու ամբաստանութիւնները եւ շեշտեց, որ ինք 7 օրէ ի վեր Իտլիպ կը գտնուի:


