
Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը շաբաթավերջին Մեհրապի մէջ կազմակերպեց լիբանանեան դիմադրութեան նահատակներուն յիշատակին նուիրուած ձեռնարկ մը, որուն ընթացքին մատուցուեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն մը:
Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ այս առիթով յայտնեց, որ ՏԱՀԵՇ քաղցկեղի ուռ մըն է, որ յանկարծ դուրս եկած է Սուրիոյ եւ Իրաքի որոշ շրջաններուն մէջ, այսինքն` անոր գոյութիւնը տակաւին սահմանափակ է եւ եթէ երբեք զայն ոչնչացնելու կամքն ու որոշումը տրուի, ապա անիկա կարելի պիտի ըլլայ ոչնչացնել:
Ժահժահ ողջունեց լիբանանեան բանակի նահատակները` բարձր գնահատելով բանակին զոհողութիւնները եւ կատարեալ զօրակցութիւն յայտնելով անոր` պահպանելու Լիբանանի սահմանները, երկրին գերիշխանութիւնը եւ վերստանձնելու զինուորական ու ապահովական որոշումներուն առանձնաշնորհի իր պարտականութիւնը:
Ժահժահ պահանջեց առեւանգուած լիբանանցի զինուորականները անմիջապէս ազատ արձակել:
Անդրադառնալով նախագահական ընտրութիւնը արգելակելու հոլովոյթին` Ժահժահ ըսաւ, որ նման արարք մը կատարելով երկրին քաղաքական կեանքը ամբողջութեամբ կը խոչընդոտուի` վնասելով երկրին ընկերային մարզին, ապահովական կայունութեան եւ պատճառելով տնտեսական մարզի տեղքայլը:


