
Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի շաբաթավերջին Եարզէի մէջ ընդունեց փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպելը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան բանակին կարիքները եւ Լիբանանի մէջ տիրող ներկայ ապահովական կացութիւնը:
ՆՇԵՆՔ, որ Քաայի մայր մուտքին վրայ զետեղուած բանակի անցարգելը շաբաթ երեկոյեան մոթորսիքլեթով շրջող երեք անծանօթ զինեալներու կողմէ ենթարկուեցաւ կրակոցի, որուն բանակայինները անմիջապէս հակադարձեցին` սպաննելով յարձակողներէն մէկը, վիրաւորելով երկրորդը եւ ձերբակալելով երրորդը:


