
Մինչ առեւանգուած զինուորները ազատ արձակելու նպատակով նախարարական յանձնախումբը կը շարունակէ իր նիստերը, ՏԱՀԵՇ նոյնքան վայրագ ընթացքով կը շարունակէ գլխատել լիբանանեան բանակի զինուորները:
Այս շրջագիծին մէջ, շաբաթ երեկոյեան լիբանանցի բանակային Ապպաս Մըտլեժի դէմ իր գործած քստմնելի ոճիրին մասին ՏԱՀԵՇ տեղեակ պահեց թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը` նշելով, թէ գլխատած է զինուորական Ապպաս Մըտլեժը, որ փորձած է իր արգելարանէն փախուստ տալ եւ կրակել իրենց վրայ, սակայն անոնք կրցած են սպաննել զինք:
ՏԱՀԵՇ զգուշացուց Լիբանանի կառավարութիւնը եւ Հըզպալլան սուրիացի գաղթականներուն դէմ որեւէ ճնշում բանեցնելէ` հաստատելով, որ նման որեւէ դէպքի պարագային անոնք խիստ պատասխան պիտի ստանան:
Ապպաս Մըտլեժի սպանութեան գուժը ընդվզում յառաջացուց լիբանանեան զանազան շրջաններուն մէջ, եւ այս պատճառով բարկացած քաղաքացիներ փակեցին Լապուէ-Արսալի, Զահլէ-Սաատնայէլի, Ժտիթայի, Պաալպեքի, Հարաւային արուարձաններու, Ապլահի, Քոքոտիի, Խալտէի, Շուէյֆաթի եւ այլ շրջաններու ճամբաները` պահանջելով առեւանգուած զինուորներուն ազատ արձակումը:
Ապպաս Մըտլեժի ընտանիքը շեշտեց, որ ինք կառչած կը մնայ ազգային համերաշխութեան վրայ հիմնուած Լիբանանին եւ կոչ կ՛ուղղէ բոլորին ինքնազսպումի ենթարկուելու` կանխարգիլելու համար համայնքային եւ յարանուանական սադրանքները:
Լիբանանցի զինուոր Ապպաս Մըտլեժի հայրը հաստատեց, որ ինք եւ իր զաւակները պատրաստ են Արսալի ճակատին վրայ գտնուելու եւ առաջին շարքերուն վրայ կռուելու` հաստատելով, որ Ալի Սէյիտ եւ Ապպաս Մըտլեժ Լիբանանի նահատակներն են:
Առեւանգուած Զինուորներու Ազատ Արձակման
Նախարարական Յանձնախումբի Նիստ

Նախագահութեամբ վարչապետ Թամմամ Սալամի, առեւանգուած զինուորներու ազատ արձակման նախարարական յանձնախումբը երէկ կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին գումարեց իր նիստը, որուն ներկայ գտնուեցան փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել, ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք, արդարութեան նախարար Աշրաֆ Ռիֆի եւ Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար հազարապետ-զօրավար Մոհամետ Խէյր:
Ճամբորդութեան պատճառով նիստէն բացակայեցան արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ եւ ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ:
Նիստին ընթացքին քննարկուեցան Ապպաս Մըտլեժի նահատակութեան վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաեւ ցաւակցութիւն յայտնուեցաւ անոր ծնողքին եւ բանակի հրամանատարութեան` աւելցնելով, որ յանձնախումբը իր նիստերը բաց պիտի պահէ:
Երեկոյեան ժամը 8:00-ին, վարչապետ Սալամ արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը, որուն մէջ հաստատեց, որ Լիբանանի դէմ մղուած արշաւին առաջին իսկ վայրկեանէն եւ հակառակ լիբանանցիներուն միջեւ սուր երկփեղկումին, կարելի եղած է երկիրը սադրանքներէ հեռու պահել:
«Մենք գիտենք, որ ընդվզումն ու բարկութիւնը մեծ են, սակայն պէտք է գիտակցիլ, որ ահաբեկիչները կը ջանան գրգռութիւններ տարածել` քանդելու համար Լիբանանի ազգային անվտանգութիւնը», ըսաւ ան:
Վարչապետ Սալամ շեշտեց, որ իրենք կը յարգեն առեւանգուած զինուորներուն ընտանիքներուն զգացումները, սակայն անհրաժեշտ է ինքնազսպումի ենթարկուիլ` պահպանելով երկրին գերագոյն շահերը:
«Պահանջուածը կառավարութեան նկատմամբ վստահութիւնն է, ինչպէս նաեւ բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն նկատմամբ ամբողջական զօրակցութիւնը», հաստատեց ան:
Վարչապետ Սալամ ընդգծեց, որ իրենք կ՛աշխատին առեւանգուած զինուորներուն ապահով տունդարձին համար եւ ողջունեց նահատակ զինուորներ Ալի Սէյիտի ու Ապպաս Մըտլեժի հոգիները` ընդգծելով, որ ահաբեկչութիւնը անկասկած պիտի պարտուի:
Նշենք, որ բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը շաբաթավերջին Պեքաայի Ֆայտա գիւղաքաղաքին մէջ ձերբակալեց ՏԱՀԵՇ-ի ղեկավարներէն Ապու Թալալի եղբայրը` առեւանգուած զինուորներուն հարցով:
Իր կարգին, շէյխ Մուսթաֆա Հուժէյրի յայտնեց, որ Ժապհաթ Նուսրայի մօտ գտնուող զինուորականները լաւ վիճակի մէջ են եւ անոնց նկատմամբ մարդկային նուազագոյն վերաբերումը կայ:
Հուժէյրի շեշտեց, որ առեւանգուած զինուորները ոչինչ գիտեն ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ իրենց ընկերոջ` Ալի Սէյիտի սպանութեան մասին:
Արսալի քաղաքապետ Ալի Հուժէյրի կոչ ուղղեց կառավարութեան յանդուգն որոշում մը տալու` լուծելու համար առեւանգուած զինուորներուն թղթածրարը, ան նշեց նաեւ, որ իրենք պատուիրակութիւն մը գործուղած են Արսալի բարձունքները` հանդիպելու համար զինեալներուն:
Ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք հաստատեց, որ պէտք է Արսալը ազատագրել քաղաքական ու ապահովական առումով եւ ամէն ջանք ի գործ դնել անոր բարգաւաճումին համար:
Արսալի մէջ արձանագրուած ապահովական զարգացումներուն պատճառով Մաշնուք ջնջեց Քաթար կատարելիք իր աշխատանքային այցելութիւնը:
Արդարութեան նախարար Աշրաֆ Ռիֆի յայտնեց, որ առեւանգուած զինուորականներուն հարցը այլեւս ազգային հարց է եւ ոչ թէ համայնքի մը կամ քաղաքական ուժի մը հարցը:
Միւս կողմէ, Հըզպալլայի զօրակից ըլլալու «յանցանքով» սպաննուած Արսալի բնակիչներէն Քայէտ Ղատատայի մարմինը շաբաթ առաւօտեան ընդվզումով լեցուն յուղարկաւորութեան մը ընթացքին հողին յանձնուեցաւ:
ՏԸՆՆԻԷԻ Մարքապթա գիւղաքաղաքի պատերուն վրայ նշմարուեցան ՏԱՀԵՇ-ական գրութիւններ:


