Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գահիրէի Մէջ. Արաբ Արտաքին Գործոց Նախարարներու Ժողով

September 8, 2014
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

0907_Arab-LeagueԵրէկ Գահիրէի Արաբական լիկայի  Գահիրէի կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ արաբ արտաքին գործոց նախարարներու ժողովը, որուն ընթացքին քննարկուեցան Պաղեստինի, Իրաքի եւ Սուրիոյ վերաբերող հարցերը: Արաբ արտաքին գործոց նախարարներու ներկայ նստաշրջանի նախագահութիւնը ստանձնեց Մաւրիտանիան:

Նախքան պաշտօնական նիստը տեղի ունեցած խորհրդակցական ժողովի ընթացքին Լիբանանի արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ առաջարկեց, որ լիկային հրապարակելիք որոշումին խորագիրը ըլլայ արաբական աշխարհի կողմէ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պատերազմի յայտարարութիւնը:

Նիստի ընթացքին Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապի, անդրադառնալով Սուրիոյ, Իրաքի, Պաղեստինի եւ այլ արաբական երկիրներու մէջ տեղի ունեցող իրադարձութեանց,  յայտնեց, որ արաբական աշխարհի դիմագրաւած մեծագոյն մարտահրաւէրը ՏԱՀԵՇ-ն ու «բոլոր ահաբեկչական, կրօնական եւ ծայրայեղական խմբաւորումներ են»` պահանջելով, որ արաբական յստակ եւ վճռական որոշում մը որդեգրուի ահաբեկչութեան դէմ զինուորական եւ քաղաքական արշաւի մը ձեռնարկելու` զինուորական, գաղափարախօսական, ապահովական, մշակութային եւ տնտեսական համապարփակ դիմակայման ճամբով:

«Ռոյթըրզ» հաղորդեց, որ արաբ արտաքին գործոց նախարարները համաձայնութիւն գոյացուցած են ՏԱՀԵՇ-ի եւ ահաբեկչական այլ խմբաւորումներու դէմ միջոցառումներ որդեգրելու:

Ամերիկեան Օդուժի Հարուածներ`
Իրաքի ՄԷՋ ՏԱՀԵՇ-ի Դիրքերուն Դէմ

0907_US-ISIS«Քորրեսփոնտընթ» կայքը հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներ օդային հարուած հասցուցած են Իրաքի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի դիրքերուն դէմ` երկրին հիւսիսը գտնուող ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող վայրի մը մօտ:

Գործողութիւնը կատարուած է մայրաքաղաք Պաղտատէն 240 քիլոմեթր հիւսիս-արեւմուտք գտնուող Անպար շրջանի Հատիթա քաղաքին մօտ գտնուող ամբարտակի մը մօտ: Քաղաքին առջեւ կառուցուած ամբարտակը ռազմավարական նշանակութիւն ունի եւ անոր աւերումը կրնայ պատճառ դառնալ հսկայական տարածքի ողողման:

«Իրաքի մէջ կառավարութեան խնդրանքով եւ Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիներու ու վայրերու պաշտպանութեան մեր առաքելութեան ծիրին մէջ ամերիկեան օդանաւերը սկսած են հարուածներ հասցնել Հատիթայի ամբարտակին մօտ գտնուող ՏԱՀԵՇ-ի ահաբեկիչներուն», յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւնը:

Գոյութիւն ունի, այն վտանգը, որ ՏԱՀԵՇ կ՛ուզէ գրաւել ամբարտակը, որ այժմ կը գտնուի իրաքեան բանակի վերահսկողութեան տակ:

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարը նշեց, որ ամերիկեան օդային հարուածները տեղի ունեցած են իրաքեան կառավարութեան խնդրանքով:

Նախորդը

Տոնեցքի Եւ Լուկանսքի Ղեկավարները ԵԱՀԿ-ին Կոչ Կ՛ուղղեն Ապահովելու Ուքրանիոյ Մէջ Զինադադարի Վերահսկողութիւնը

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Ղալիպաֆ. «Մեր Եօթը Պայմաններու  Կատարումէն Առաջ Բանակցութիւններ  Տեղի Պիտի Չունենան»
Գլխաւոր լուրեր

Ղալիպաֆ. «Մեր Եօթը Պայմաններու Կատարումէն Առաջ Բանակցութիւններ Տեղի Պիտի Չունենան»

November 25, 2026
Ալիեւ. «Ջրային Հարստութիւններու  Պակասը Մեզի Համար Լուրջ Խնդիր Է»
Միջազգային

Ալիեւ. «Ազրպէյճանի Նախաձեռնութեամբ Իրականացուող «Զանգեզուրի Միջանցք»-ը Պիտի Ապահովէ Ազրպէյճանի Մայրցամաքային Մասի Եւ Նախիջեւանի Միջեւ Անխոչընդոտ Կապը»

November 25, 2026
Էրտողան Կը Խօսի «Զանգեզուրի  Միջանցք»-ին Մասին
Միջազգային

Էրտողան Կը Խօսի «Զանգեզուրի Միջանցք»-ին Մասին

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։