
Vesti.ru կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Չաք Հէյկըլ իր վրացի պաշտօնակիցին` Իրաքլի Ալասանիայի հետ հանդիպումէն ետք յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներ կը ծրագրեն Վրաստանի հետ հետագայ զինուորական համագործակցութիւն:
«Մենք անպայման պիտի շարունակենք Վրաստանի հետ զինուորական համագործակցութեան խորացումը, յատկապէս Ուքրանիոյ մէջ Ռուսիոյ նախայարձակման լոյսին տակ», աւելցուցած է ան:
ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովին իբրեւ արդիւնք` Վրաստան եւ չորս այլ երկիրներ ստացած են Միացեալ Նահանգներու համար առաջնահերթութիւն ներկայացնող գործողութիւններու նոր թղթածրար: Փենթակոնի ղեկավարը նշած է, որ ըլլալով ուժեղացուած կարելիութիւններով գործընկեր` Վրաստանը աւելի կը մօտենայ ՕԹԱՆ-ի անդամակցելուն:
«Համագործակցութեան խորացումը յատկապէս կարեւոր է, երբ տեղի կ՛ունենայ Խրիմի կցումը, որ Միացեալ Նահանգներ չեն ճանչնար, եւ որ վտանգ կը ներկայացնէ շրջանին համար, այնպէս ինչպէս Ռուսիոյ գործողութիւնները Վրաստանի մէջ», յայտարարած է Հէյկըլ:


